Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուր­քիոյ մէջ կը վե­րա­կա­ռու­ցո­ւին Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին` Ա­տա­նա­յի մէջ գտնո­ւող Սեւ ե­կե­ղե­ցին (Kara Kilise) եւ Ֆե­քէ ամ­րո­ցը: Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքա­կան «Milliyet» պար­բե­րա­կա­նի վկա­յու­ թեամբ, վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը գրե­թէ ա­ւար­տած են:

Ա­տա­նա­յի Սիւ­լե­միշ­լի շրջա­նի թա­ղա­պետ Հա­սան Կե­զեր տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած են 2 տա­րի ա­ռաջ եւ ա­ւար­տին պի­տի հաս­նին մին­չեւ տա­րե­վերջ: Կե­զեր նշած է, որ վեր­ջերս տե­ղա­ցի եւ օ­տա­րազ­գի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մեծ հոսք կը նկա­տո­ւի դէ­պի ե­կե­ղե­ցի եւ ամ­րոց: Ա­նոր կար­ծի­քով զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու թի­ւը պի­տի ա­ճի, ե­թէ հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­ներ ըլ­լան:

Ամ­րո­ցի վեր­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով զբա­ղող հնա­գէտ Ա­տէմ Եըլ­տըզտ կ­՛ընդգ­ծէ, որ 1000ա­կան­նե­րուն կա­ռու­ցո­ւած ամ­րո­ցը գտնո­ւած է Փոքր Հա­յաս­տա­նի կամ Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին:

«Ամ­րո­ցի հա­րե­ւա­նու­թեամբ կը վե­րա­կանգ­նո­ւի նաեւ Սեւ ե­կե­ղե­ցին, որ կա­պո­ւած ե­ղած է տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող 14 այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ: Կը վե­րա­կանգ­նո­ւին նաեւ քա­նի մը այլ ամ­րոց­ներ, ո­րոնք Ֆե­քէ ամ­րո­ցի հետ ընդ­հա­նուր շղթայ կը կազ­մեն եւ այդ շղթա­յին մէջ Ֆե­քէ ամ­րո­ցի դե­րը շատ մեծ է: Այս ամ­րո­ցը շատ տպա­ւո­րիչ է իր պատ­մու­թեամբ եւ գե­ղեց­կու­թեամբ: Ա­նի­կա կա­ռու­ցո­ւած է ան­հա­ւա­տա­լի եւ իւ­րա­յա­տուկ ճար­տա­րա­պե­տա­կան հնարք­նե­րով` շատ հե­տաքրք­րա­կան ձե­ւով վե­րամ­շա­կո­ւած քա­րե­րէ»,- նշած է հնա­գէ­տը: