Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րը` շա­րա­կան­ներն ու տա­ղե­րը հնչած են պատ­մա­կան հայ­կա­կան Ա­նի մայ­րա­քա­ղա­քի ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ: Հայ ա­նո­ւա­նի դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Կա­մե­րա­յին Երգ­չա­խում­բին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող «­Լոյս ի լու­սոյ» հա­մեր­գա­ շա­րի մեկ­նար­կը, Թուր­քիոյ մէջ, տրո­ւած է Յու­նիս 21ին: Ա­նիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գին պի­տի յա­ջոր­դեն եւս քա­նի մը հա­մերգ` Յու­նիս Վա­նի Աղ­թա­մար կղզիին մէջ, Տիար­պե­քի­րի Սուրբ Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Կայ­սե­րիի (հայ­կա­կան Կե­սա­րիա) Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Թուր­քիոյ միակ հայ­կա­կան Վա­քըֆ­լը գիւ­ղի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ւար­տը տե­ղի կ’ու­նե­նայ Յու­նիս 30ին Պոլ­սոյ մէջ: