Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«­Թայմ» կը գրէ, որ Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պը Կի­րա­կի օր, Յու­նիս 21ին քննա­դա­տած է գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը՝ 20րդ դա­րուն տե­ղի ու­նե­ցած կո­տո­րած­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ո­չինչ ը­նե­լու եւ լուռ մնա­լու մե­ղադ­րան­քով: Հ­ռո­մի Ե­պիս­ կո­պո­սա­պե­տը նշեալ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը կա­տա­րած է Թու­րին կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, երբ ան պատ­մած է ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, թէ կը հասկ­նայ, որ ին­չո՞ւ ա­նոնք կը դժո­ւա­րա­նան վստա­հե­լու աշ­խար­հին:

Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պը անդ­րա­դար­ձած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մին, ինչ­պէս նաեւ` Ռու­սիոյ մէջ Ս­տա­լի­նի օ­րով գոր­ծող ԿՈՒԼԱԿ­նե­րուն (ճամ­բար­նե­րու եւ կա­լա­նա­վայ­րե­րու գլխա­ւոր վար­չու­թիւն):

Ան դա­տա­պար­տած է գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը ո­չինչ ձեռ­նար­կե­լու հա­մար, երբ բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը մատ­նան­շէին, որ Եւ­րո­պա­յի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն հրեա­նե­րը, քրիս­տո­նեա­նե­րը, միա­սե­ռա­կան­նե­րը եւ ու­րիշ­ներ կ­՛ու­ղար­կո­ւէին մա­հո­ւան ճամ­բար­ներ:

«­Գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը ու­նէին լու­սան­կար­նե­րը եր­կա­թու­ղի­նե­րու, ո­րոնց մի­ջո­ցով շո­գե­կառ­քե­րը կ­՛եր­թա­յին Աուշ­վից` հրեա­նե­րուն, քրիս­տո­նեա­նե­րուն, միա­սե­ռա­կան­նե­րուն, բո­լո­րին սպան­նե­լու: Ին­չո՞ւ ա­նոնք չռմբա­կո­ծե­ցին այդ եր­կա­թու­ղի­նե­րը»,- հարց տո­ւած է Պա­պը:

Ան խօ­սած է նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին` զայն ա­նո­ւա­նե­լով «­Հա­յաս­տա­նի մեծ ող­բեր­գու­թիւն»: «­Նա­խորդ դա­րուն այդ­քան շատ, մի­լիո­նա­ւոր հա­յեր մա­հա­ցած են: Բայց ո՞ւր էին գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը այդ ժա­մա­նակ: Ա­նոնք այլ ուղ­ղու­թեամբ կը նա­յէին»,- ը­սած է Պա­պը:

«­Թայմ» կը յի­շեց­նէ, որ Ապ­րի­լին Պա­պը զայ­րա­ցու­ցած էր Թուր­քիան, երբ օգ­տա­գոր­ծած էր «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րը բնու­թագ­րե­լու հա­մար։

Պա­պը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յայտ­նած է, որ այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հին մէջ «ա­մէն ինչ կը կա­տա­րո­ւի գու­մա­րի (նիւ­թա­կա­նի) հա­մար»: Ան քննա­դա­տած է ա­նոնց, ո­րոնք խա­ղա­ղու­թիւն քա­րո­զե­լով` զէնք կ­՛ար­տադ­րեն եւ կը վա­ճա­ռեն: