Խոր ցաւով իմացանք, թէ Յունիս 19ի երեկոյեան, Փարիզի 13րդ թաղամասի հանգստեան տուներէն մէկուն մէջ, ուր դեռ նոր փոխադրուած էր, 89 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան:
Ծանօթ ազգային դէմք «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը, հօրը մահէն ետք՝ 1957ին ստանձնած էր Ֆրանսայի միակ հայկական օրաթերթին տնօրէնութեան պաշտօնը, Շաւարշ Նարդունիի հայրական հոգածութեան ներքեւ:
Ան, անխոնջ կերպով վարած էր այդ պաշտօնը աւելի քան 50 տարիներ, մինչեւ 2009 Մայիս ամիսը, երբ թերթը կը փակուէր: Անկէ ի վեր կը վարէր քաշուած կեանք մը:
Եթէ «Յառաջ» թերթը իր հիմնադրութեան օրերուն եւ յաջորդող շրջանին իր շուրջ համախմբած էր ֆրանսահայ մտաւորականութեան համաստեղը, անոր յաջորդած՝ Արփիկ Միսաքեանի շրջանին ալ, աւելի համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ՝ «Յառաջ»ի Հոթվիլ փողոցի խմբագրատունը դարձած էր համայն հայութեան մտաւորականութեան ժամադրավայրը: Ուիլիըմ Սարոյեան, օրինակ, չէր այցելեր Փարիզ առանց հանգրուանելու հոն: Դժուար է մէկ առ մէկ թուել հոնկէ անցած բոլոր անձնաւորութիւնները: Յիշատակութեան արժանի են նաեւ մեր նորօրեայ պատմութենէն Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան նախորդած շրջանի անցքերը: Երբ 1988 թուականի Դեկտեմբեր եւ 1989 թուականի Յունուար ամիսներուն «Ղարաբաղ Կոմիտէ»ի բոլոր անդամները կը ձերբակալուէին եւ կը պահուէին Մոսկուայի տարբեր բանտերուն մէջ, անոնց ազատագրման պայքարի մղիչ ուժին կեդրոնը կը դառնար «Յառաջ»ի խմբագրատունը: Իրենց ազատագրումէն ետք ալ, Կոմիտէի անդամները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Բաբգէն Արարքցեան, Վազգէն Մանուկեան եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ, կարգով խմբագրատուն կ՚այցելէին:
Ֆրանսահայութեան կենդանի պատմութեան անգին էջերէն մէկը եւս կ՚անհետանայ Արփիկ Միսաքեանի կորուստով:
«Նոր Յառաջ»