Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուր­բաթ՝ 19 Յու­նիս 2015ին, ֆրան­սա­կան խորհըր­դա­րա­նի հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու յա­տուկ սրա­հին մէջ, Հայ Դա­տին նո­ւի­րո­ւած հա­մա­գու­մա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով` Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս յայ­տա­րա­րեց, թէ «­Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին մօտ բա­ցո­ւած դա­տին նպա­տա­կը յստակ է.- Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձն է»:

«Արդ, դա­տա­վա­րա­կան ըն­թաց­քին առն­չո­ւած մօ­տե­ցում­նե­րը պէտք չէ շփո­թել դա­տի նպա­տա­կին հետ: Այս նպա­տա­կը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ճշդո­ւած է սկզբուն­քա­յին եր­կու մօ­տե­ցում` կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծի վե­րա­դարձ եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րե­լու ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տում:

«Այս երկ­րորդ կէ­տը կեն­սա­կան է հե­տե­ւեալ պատ­ճառ­նե­րով.-

«Ա.) Կ­րօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տու­մը բնա­կան ըն­թաց­քով նաեւ կ’են­թադ­րէ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծին վե­րա­դար­ձը:

«Բ.) Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի ի­րա­ւունք­նե­րուն անդ­րա­դարձ ե­ղած է Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րին մէջ:

«Գ.) Եւ­րո­պա­յի Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Դա­տա­րա­նը յա­տուկ զգայ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ կրօ­նա­կան խղճի ա­զա­տու­թեան նկատ­մամբ»:

Բաց­ման նիս­տին խօսք առ­նե­լով՝ Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րու խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ նախ­կին վար­չա­պետ Պ­րու­նօ Լե­րու վե­րա­հաս­տա­տեց Ֆ­րան­սա­յի ժո­ղո­վուր­դին ու կա­ռա­վա­րու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր ար­դար դա­տին: Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի ֆրան­սե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­տե­նա­խօ­սու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած էր ե­րեք բա­ժին­նե­րէ.-

Ա­ռա­ջին մա­սին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը՝ շեշ­տե­լով հան­դերձ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, կոչ ուղ­ղեց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տա­լու մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­տուց­ման ե­րե­սին:

Երկ­րորդ բա­ժի­նով Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս՝ անդ­րա­դառ­նա­լով Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ Փետ­րուար 2012ին հա­տուց­ման գծով տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին, ու­րո­ւագ­ծա­յին կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձին առնչուած շարք մը կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու դժո­ւա­րու­թիւն­ներ: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­տե­նա­խօ­սու­թեան վեր­ջին կէ­տը առն­չո­ւած էր Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին մօտ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին: Այս ուղ­ղու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կարգ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց, ինչ­պէս նաեւ յստա­կա­ցում­ներ եւ ընդգծում­ներ կա­տա­րեց.-

«­Սո­վո­րա­կան դատ մը չէ մեր դա­տը եւ ո՛չ ալ կտոր մը հող վե­րա­դարձ­նե­լու մի­տող մաս­նա­կի դատ մը: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տը եւ ա­նոր ու­նե­ցած խորհր­դան­շա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, մենք ու­զե­ցինք զայն նկա­տի առ­նել իբ­րեւ ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջին: Մեր մօ­տեց­ման մէջ ռազ­մա­վա­րա­կան ու մար­տա­վա­րա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ առ­կայ ի­րա­ւա­կան ու քա­ղա­քա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով սեր­տո­ւե­ցան մաս­նա­գէտ­նե­րէ կազ­մո­ւած յանձ­նա­խում­բին կող­մէ:

«­Կը հա­ւա­տանք, որ ի­րա­ւա­կան այս քայ­լը նոր ու­ժա­կա­նու­թիւն պի­տի տայ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան՝ զայն բա­նա­լով նոր հո­րի­զոն­նե­րու դի­մաց»,- շեշ­տեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը: