Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը Հոկտեմբեր 3ին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի տօնէ իր 60ամեայ յոբելեանը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաք, նաեւ՝ ելոյթ պիտի ունենայ աշխարհահռչակ թենոր եւ խմբավար Փլասիտօ Տոմինկօ: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Dorothy Chandler Pavillion» դահլիճին մէջ, որ Լոս Անճելըսի օփերայի տունը կը համարուի: Յառաջիկայ տօնակատարութեան մասին հարցումի մը Փլասիտօ Տոմինկօ ջերմ խօսքերով արձագանգած է.- «Մայրս, որ հրաշալի երգչուհի էր, վոքալը ուսանած է հայ մանկավարժի մը մօտ, այդ պատճառով ես ամբողջ կեանքիս ընթացքին հիացած եմ հայ համայնքի երաժշտական աւանդոյթներով եւ կատարողական արուեստով: Հպարտ եմ ձեզի Լոս Անճելըսի օփերայէն ողջունելու համար եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեզի հետ միասին հրաշալի տօն անցնելուն»,- ըսած է ան: Ձեռնարկի Պատուոյ Կոմիտէի անդամներն են՝ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տոքմէճեան, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Վարդան Գրիգորեան ու Ճոյս Փիլիպոսեան-Շթայն: