Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Կիւ­րա­թաղ (­Հատ­րու­թի շրջան), Գե­տա­ւան (­Մար­տա­կեր­տի շրջան) եւ Սարգ­սա­շէն (­Մար­տու­նիի շրջան) գիւ­ղե­րուն մէջ մեկ­նար­կած են հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րու կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նի փո­խանց­մամբ` ծրա­գիր­նե­րը կը հա­մատն­տե­սա­ւո­րո­ւին Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: Այս հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը` շուրջ 1030 մարդ, հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղին հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ եւ ա­նաս­նա­պա­հու­թեամբ:

Մէկ յար­կի տակ բուժ­կէ­տի, գրա­դա­րա­նի, հան­դի­սասը­րա­հի ու գիւ­ղա­պե­տա­րա­նի կեդ­րո­նա­ցու­մը նպա­տակ ու­նի ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նել այս են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու շա­հար­կումն ու տնտես­վա­րու­մը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Ֆ­րան­սա­յի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն` հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հա­ւաս­տած են, որ այս ձեռ­նար­կը ար­դէն իսկ ո­գե­ւո­րած է բնա­կիչ­նե­րը: «­Մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հայ գիւ­ղա­ցուն սա­տա­րե­լը, լի­նի դա Հա­յաս­տա­նում թէ Ար­ցա­խում, մեր հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւնն է եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը»,- ը­սած է «­Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան: