Յունիս 13ին, Մարսիլիոյ 4րդ եւ 5րդ շրջաններու քաղաքապետութեան եւ Մարսիլիոյ հայ համայնքի միասնական ջանքերով, ինչպէս նաեւ Մարսիլիոյ մէջ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ՝ «Սիտի-Պրահիմ» պուրակին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի բացման արարողութիւնը, որուն յաջորդած է օրհնութեան եւ օծման կարգ` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանաներու ձեռամբ։
Ձեռնարկին ներկայ եղած են 4րդ եւ 5րդ շրջաններու ծերակուտական-քաղաքապետ Պրունօ Ժիլ, Մարսիլիոյ մէջ Հ.Հ. հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, փոխ-քաղաքապետներ, տեղական կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Մարսիլիոյ 4րդ եւ 5րդ շըրջաններու հայ փոխքաղաքապետ Արթիւր Օհաննէսեան իր խօսքին մէջ բացատրած է խաչքարին խորհուրդը հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ հոգեւոր կեանքին մէջ` միաժամանակ նշելով, որ խաչքարը նուիրուած է ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, այլեւ արեւելեան քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք սարսափելի փորձութիւններու ընդմէջէն անցած են: