Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թէեւ իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Մար­գար Ե­սա­յեան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ խոս­տա­ցած էր, որ Պոլ­սոյ Թուզ­լա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող «­

Քամփ Ար­մէն» հայ­կա­կան որ­բա­նո­ցի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը պիտի վե­րա­դար­ձո­ւի հայ­կա­կան կող­մին, սա­կայն այդ ուղ­ղու­թեամբ դեռ ո­րե­ւէ բան չէ ձեռ­նար­կո­ւած:

Պա­տա­հա­կան չէ, նաեւ, որ Թուր­քիոյ մէջ «­Նոր Զար­թօնք» հայ­կա­կան միու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւն  տա­րա­ծած է՝ նշե­լով, որ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հայ­կա­կան որ­բա­նո­ցի ա­նու­նը Ե­սա­յեան օգ­տա­գոր­ծած է խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իր ներ­կա­յա­ցու­ցած կու­սակ­ցու­թեան քա­րո­զար­շա­ւը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Որ­բա­նո­ցի ոչն­չաց­ման դէմ պայ­քա­րի մաս­նա­կից­նե­րը, սա­կայն, կը շա­րու­նա­կեն գի­շե­րել որ­բա­նո­ցին մէջ եւ կազ­մա­կեր­պել տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ՝ կան­խե­լու որ­բա­նո­ցը ոչնչաց­նե­լու հնա­րա­ւոր հեր­թա­կան փոր­ձը: Ա­նոնք նաեւ ի­րենց ա­ջակ­ցե­լու կոչ կ’ուղ­ղեն հա­մայն հա­յու­թեան: «­Նոր Զար­թօնք» նա­խա­ձեռ­նու­թեան գոր­ծիչ­նե­րը եւ «­Քամփ Ար­մէն» զօրակցու­թեան շարժ­ման ան­դամ­նե­րը 19 օր շա­րու­նա­կո­ւող նստա­ցոյց կ’ի­րա­կա­նաց­նեն՝ պա­հան­ջե­լով դադ­րեց­նել շէն­քի քան­դումն ու վե­րա­դարձ­նել որ­բա­նո­ցը ի­րա­կան տէ­րե­րուն: Մա­յիս 24ին «­Նոր Զար­թօնք» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն Ա­լեք­սիս Քալք յայ­տա­րա­րած էր.-

«­Քամփ Արմէն» պի­տի նուի­րա­բե­րո­ւի Կե­տիկ փա­շա շրջա­նի հայ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դպրո­ցա­կան հիմ­նադ­րա­մին: Մենք կը հե­տե­ւինք սե­փա­կա­նու­թեան փո­խանց­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ մեր շար­ժու­մը կը շա­րու­նա­կո­ւի, մին­չեւ որ ա­ւար­տի ողջ պաշ­տօ­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցը»,- ը­սած է Քալք:

Ճամ­բա­րին մէջ մեծ­ցած գոր­ծիչ­ներն ու հայ որ­բե­րը յայտ­նած են ի­րենց ցան­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ճամ­բա­րը կրկին ծա­ռա­յէ հայ որ­բե­րուն: «­Քամփ Ար­մէն» կա­ռու­ցո­ւած է 1915 թո­ւա­կա­նի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք: Որ­բա­նո­ցի շէն­քի կա­ռուց­ման ժա­մա­նակ աշ­խա­տած են ի­րենք` որբ ե­րե­խա­նե­րը: ճամ­բա­րը օգ­նած է հա­յե­րուն պահ­պա­նե­լու ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ լե­զուն, ո­րով­հե­տեւ այդ ժա­մա­նակ հայ ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար չկար ո­րե­ւէ հա­սա­նե­լի դպրոց: Յայ­տա­րա­րո­ւած էր, որ հին շէն­քը պի­տի վե­րա­նո­րո­գո­ւի եւ օգ­տա­գոր­ծո­ւի իբ­րեւ ման­կա­տուն 150 հայ ե­րե­խա­նե­րու հա­մար: