Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱ.Մ.Ն. Քոնկ­րէ­սի շէն­քին մէջ Յու­նիս 11-13ին տե­ղի ու­նե­ցած է «Coptic Solidarity» կազ­մա­կեր­պու­թեան տա­րե­կան հա­ւա­քը, որ այս տա­րի ի­րա­կա­նա­ցած է «100 տա­րի անց. Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը այլ ցե­ղաս­պա­նու­

թեան մը վտան­գին առ­ջեւ» խո­րագ­րին տակ: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թիւ­նը, ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած են Ա.Մ.Ն. եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող տասն­մէկ քոնկ­րէ­սա­կան, մէկ ծե­րա­կու­տա­կան, բազ­մա­թիւ գոր­ծող եւ նախ­կին պաշ­տօ­նա­տար ան­ձիք, ինչ­պէս նաեւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ բնա­կող տար­բեր էթ­նի­կա­կան խում­բե­րը ներ­կա­յաց­նող ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, նե­րա­ռեալ` Հայ Դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Քէն Խա­չի­կեան եւ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Դա­նիէլ Քու­շաք­չեան: Ամ­փո­փիչ ե­րե­կո­յի հիմ­նա­կան բա­նա­խօս­նե­րը ե­ղած են Ա.Մ.Ն.ի մէջ Ս­լո­վե­նիոյ դես­պա­նը, Կիպ­րո­սի փոխ-դես­պա­նը եւ դես­պա­նորդ­ներ ու խորհր­դա­կան­ներ Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սիոյ, Ի­տա­լիոյ, Պել­ճի­քա­յի, Յու­նաս­տա­նի եւ Գա­նա­տա­յի դես­պա­նու­թիւն­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ Բ­րի­տա­նիա­յի Լոր­տե­րու պա­լա­տի ան­դամ, պա­րո­նու­հի Պե­րիճ: Բա­նա­խօս­նե­րը ի­րենց ե­լոյթ­նե­րուն մէջ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նած են Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն: Ա­նոնք խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն, «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» կազ­մա­ւոր­ման եւ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող այլ կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ բնա­կող քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ եզ­իտի­նե­րու նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ: Ն­շո­ւած է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­տեղ ջան­քեր գոր­ծադ­րէ` տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ:

Ա.Մ.Ն.ի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան դես­պա­նորդ Հ­րա­չեայ Թաշ­ճեան իր ե­լոյ­թին մէջ նշած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րուն մա­սին: Ընդգ­ծո­ւած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի շատ եր­կիր­նե­րու մէջ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու առ­կա­յու­թեան փաս­տը եւ այն վտան­գը, ո­րուն առ­ջեւ այ­սօր կանգ­նած են Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ բնա­կող հա­յե­րը: Այդ ծի­րէն ներս յի­շա­տա­կո­ւած են Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րը, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած շուրջ 10 հա­զար սու­րիա­հայ փախս­տա­կան­նե­րու ըն­դե­լուզ­ման հա­մար բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման: