Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Շուրջ եր­կու ա­միս­ներ ա­ռաջ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Հասկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թին հետ ու­նե­ցած իր հար­ցազ­րոյ­ցին ճամ­բով, լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւած էր ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­ նին մօտ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին մա­սին: Այդ նպա­տա­կով կազ­մո­ւած ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Դա­տը ­Հե­տապն­դող Ի­րա­ւա­բան­նե­րու Խմ­բա­կը, յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­լով, կա­րե­ւոր կը նկա­տէ հե­տե­ւեալ անհ­րա­ժեշտ յստա­կե­ցում­նե­րը կա­տա­րել 28 Ապ­րիլ 2015ին ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին էու­թեան ու նպա­տա­կին վե­րա­բե­րեալ.- «­Յի­շեալ դա­տը կը պա­հան­ջէ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը: ­Յայտ­նենք, որ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման դա­տա­կան դի­մում­նա­գիր­նե­րու պայ­ման­ներն ու պա­հանջ­նե­րը լրաց­նե­լու հա­մար, ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կալուա­ծին գծով մօ­տա­ւոր ար­ժէք մը յի­շո­ւած է: ­Սա­կայն, դա­տին յստակ ու շեշ­տա­կի պա­հան­ջը ­Սի­սի պատ­մա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին ՎԵՐԱԴԱՐՁՆ Է ԻՐ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՋ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ՝ ԱՆՈՐ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ: «­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ներ­կայ ի­րա­ւա­կան քայ­լին դի­մե­լու շար­ժա­ռի­թը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­մա­կան եւ կրօ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւնն է, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր վե­րա­դար­ձին իւ­րա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս: ­Դա­տը ի­րա­ւա­կան եր­կու հիմք ու­նի՝ ա.) ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­լո­ւա­ծա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ բ.) ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տու­մը: ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­լո­ւա­ծա­յին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը, դար­ձեալ՝ թրքա­կան օ­րէնք­նե­րուն հա­մա­ձայն եւ ի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն ծի­րէն ներս, կրնայ հա­տուց­ման հար­ցեր յա­ռա­ջաց­նել. սա­կայն կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի ի­րա­ւուն­քը բո­լո­րո­վին տար­բեր խնդիր ըլ­լա­լով՝ կրնայ լու­ծում գտնել միայն ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծին վե­րա­դար­ձով: Սկզ­բուն­քա­յին եւ ի­րա­ւա­կան այս մօ­տե­ցու­մը բա­նակ­ցե­լի չէ:

«Արդ, ե­թէ թրքա­կան դա­տա­րա­նը մեր­ժէ ներ­կայ դա­տը եւ կամ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այ­լա­պէս չվե­րա­դարձ­նէ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­լո­ւա­ծը, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը պի­տի բո­ղո­քէ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ եւ իր ի­րա­ւունք­նե­րը հե­տապնդէ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րուն լոյ­սին տակ: ­Յի­շեց­նենք, որ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ դատ բա­նա­լու հա­մար նա­խա­պայ­ման է տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ դա­տա­վա­րա­կան բո­լոր տե­սա­կի գոր­ծըն­թաց­ներն ու փոր­ձե­րը սպա­ռել:

«­Ներ­կայ դա­տա­կան թղթածը­րա­րը բարդ եւ զգա­յուն խնդիր­ներ կը պա­րու­նա­կէ: ­Հե­տե­ւա­բար, կա­րե­լի չէ բա­ցա­յայ­տել դա­տին առն­չո­ւած բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը այն­քան ա­տեն, որ դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կո­ւի, ո­րով­հե­տեւ նման քայլ մը կրնայ դժուա­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել:

«­Դա­տա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մա­մու­լին կող­մէ կա­տա­րո­ւած ան­հիմն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը եւս չեն նպաս­տեր այս պատ­մա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան յա­ջող ըն­թաց­քին: Ինչ­պէս ակ­նար­կե­ցինք, դա­տա­վա­րա­կան ըն­թաց­քը բազ­մա­թիւ խո­չըն­դոտ­ներ ու մար­տահ­րա­ւէր­ներ կրնայ դի­մագ­րա­ւել՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր պատ­մա­կան, ի­րա­ւա­կան ու քա­ղա­քա­կան են­թա­հողն ու հե­տե­ւանք­նե­րը:

«Կ­’ու­զենք կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տել, թէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ դի­մել ի­րա­ւա­կան բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րուն, վե­րա­տի­րա­նա­լու ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի իր կա­լո­ւա­ծին՝ որ­պէս ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւան ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան բո­լոր կա­լո­ւած­նե­րու իր պա­հան­ջին»: