Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Տոքթ. Սու­զեն Թո­փա­լեան վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցած է Տէյ­վիտ Քար­նոֆս­քիի ա­նո­ւան մրցա­նա­կին, որ կը շնոր­հուի քաղց­կե­ղի բա­ցա­յայտ­ման եւ դար­մա­նու­մի մար­զին մէջ յատ­կան­շա­կան ներդ­րում­ներ ու­նե­ցող գիտ­նա­կան­նե­ րուն։

Տոքթ. Թո­փա­լեա­նի գիւ­տը կ­՛առն­չո­ւի յատ­կա­պէս յա­ռա­ջա­ցած քաղց­կե­ղի պա­րա­գա­նե­րուն։ Ան յայտ­նած է, թէ ի­րեն հա­մար մեծ պա­տիւ է քաղց­կե­ղի դէմ պայ­քա­րին մէջ յատ­կան­շա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րու հա­սած Տէյ­վիտ Քար­նոֆս­քիի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տո­ւած այս մրցա­նա­կը ստա­նա­լը։

Տոքթ. Թո­փա­լեան կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ «­Ճանզ Հափ­քինզ» հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան մաս­նա­ճիւ­ղին ու «­Սիտ­նի Քի­մըլ» քաղց­կե­ղի կեդ­րո­նին մէջ։ Ան բժշկա­կան վկա­յա­կա­նը ստա­ցած է «­Թաֆց» հա­մալ­սա­րա­նէն ու ան­կէ ետք նո­ւի­րո­ւած է քաղց­կե­ղի դէմ պայ­քա­րին, վի­րա­բու­ժա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան սպա­սար­կու­թիւն­ներ մա­տու­ցե­լով «­Թա­մըս Ճե­ֆըր­սըն» հա­մալ­սա­րա­նի եւ Ֆի­լա­տել­ֆիոյ Ե­րե­խա­նե­րու հիւ­նա­դա­նոց­նե­րուն մէջ։

Ան աշ­խա­տած է նաեւ Մ. Նա­հանգ­նե­րու Քաղց­կե­ղի Ազ­գա­յին Հիմ­նար­կին մէջ ու ա­պա հաս­տա­տած իր տար­րա­լու­ծա­րա­նը, ուր իր գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ կա­տա­րած է քաղց­կե­ղի ո­րոշ բջիջ­նե­րու չէ­զո­քաց­ման գիւ­տը։