Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացած է «Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութիւն եւ Europa Nostra» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցին ար
ժանացած է «ԵՄ մշակութային ժառանգութեան» մրցանակին: Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիին շնորհուած է «Մեծ մրցանակ»:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած են բազմաթիւ մշակութային նախագիծեր, որոնց ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մշակութային ժառանգութեան 600 մասնագէտ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Օսլոյի քաղաքապետն ու Նորվեկիոյ բնապահպանութեան նախարարը:
Մրցանակաբաշխութեան ընդհանուր առմամբ շնորհուած է 7 «Մեծ մրցանակ»: