Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տու­նը (Հ.Դ.) կը կան­խա­տե­սէ, որ 2015ին Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ա­ճը պի­տի կազ­մէ 0,8 տո­կոս, իսկ յա­ջորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն պի­տի կար­գա­ւո­րո­ւի` 2016ին հաս­նե­լով 2,7 տո­կո­սի, իսկ 2017ին` 3 տո­կո­սի:

Հ.Դ.ի հրա­պա­րա­կած «­Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հե­ռան­կար­ներ» զե­կոյ­ցին մէջ կը նշուի, որ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան ա­ճը 2015 թո­ւա­կա­նին պի­տի վատ­թա­րա­նայ՝ 3 տո­կո­սէն իջ­նե­լով 2,8 տո­կո­սի:

Զե­կոյ­ցին հե­ղի­նակ­նե­րը ա­տի­կա կը բա­ցատ­րեն քա­րիւ­ղի գի­նե­րու անկ­ման եւ զար­գա­ցող տնտե­սու­թիւն­նե­րու հա­մար վար­կե­րու ար­ժէ­քի բարձ­րաց­ման ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով: Վար­կե­րու ար­ժէ­քին բարձ­րա­ցու­մը Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տու­նը կը կա­պէ ա­մե­րի­կեան Դաշ­նա­յին Պա­հուս­տա­յին (Federal Reserve) հա­մա­կար­գի կող­մէ տո­կո­սադ­րոյք­նե­րու բարձ­րաց­ման հետ: «Ա.Մ.Ն.ի մէջ տո­կո­սադ­րոյք­նե­րու ակն­կա­լո­ւող բարձ­րա­ցու­մը յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն պի­տի յան­գեց­նէ ձե­ւա­ւո­րո­ւող շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեամբ եր­կիր­նե­րու եւ զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րու հա­մար վար­կե­րու բարձ­րաց­ման»,- կը բա­ցատ­րո­ւի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան ան­կու­մը վե­լու­ծա­բան­նե­րը կը կա­պեն նաեւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու հետ: «­Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան ա­ճի քայ­լե­րու դան­դա­ղու­մը քա­րիւ­ղի գի­նե­րու անկ­ման եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւա­ծու­թեան հե­տե­ւանք է: Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ա­տի­կա կա­պո­ւած է նաեւ ա­նուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու՝ նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին հետ»,- կը նշո­ւի զե­կոյ­ցին մէջ: