Յունիս 8ին Թիֆլիս ժամանած էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան` Գրողներու Միութեան պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ: Այցի նպատակը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանը ամ բողջական տեսքով Վիրահայոց թեմին փոխանցելն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:
Հիւրերը «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ Կոմիտասի նուիրուած ցուցահանդէսը դիտելէ ետք, այցելեցին Խոջիվանքի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելու Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ ազգի միւս մեծերու շիրիմներուն:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահը եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդը, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարան, ուր անոնց միացան Վրաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Գոնաշվիլի, «Ցիսկարի» ամսագրի խմբագիր, գրող Պաղաթեր Արապուլի եւ այլոք:
Յովհաննէս Թումանեանի տան մէկ մասը, գրադարանի վերածուած 150 քառակուսի մեթր տարածքը, 2012 թուականին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան երջանկայիշատակ նախագահ Լեւոն Անանեանի անդուլ ջանքերով, ձեռք բերուած էր Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հովանաւորութեամբ:
Տան ամբողջական տեսքով ձեռք բերման հարցը կը գտնուէր Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուշադրութեան ներքոյ եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տանէր նաեւ Վրաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութիւնը: Եւ միայն վերջերս` 2015 թուականին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդի դիմումով, «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ հիմնադրամի միջոցներով գնուեցաւ նաեւ շէնքի ժառանգներուն մնացած մասը եւ նախօրօք ձեռք բերուած հատուածին հետ միասին ամբողջական տեսքով նուիրաբերուեցաւ թեմին` որպէս սեփականութիւն:
Երկու երկիրներու գրողներու միութիւններու նախագահներու հանդիպումը խորհրդանշականօրէն տեղի ունեցաւ յատկապէս այս տան մէջ:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը հանդիսաւորապէս Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանի յանձնեց տան բանալիները: Տունը այսուհետեւ պիտի կոչուի «Մշակոյթի եւ արուեստի Թումանեանական Վերնատուն» եւ անոր գործունէութիւնը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ երկու քրիստոնեայ ազգերու համագործակցութեան, բարեկամական յարաբերութիւններու, ստեղծագործական կապերու զարգացման եւ խորացման: Պիտի իրականացուին գիրքերու քննարկում-շնորհանդէսներ, հայ եւ վրացի ստեղծագործական, մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: Շէնքին մէջ պիտի գործէ դահլիճ, քառալեզու գրադարան, Հ.Բ.Ը.Մ. Virtual համալսարանը, իսկ սենեակներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանի անունը:
Շնորհաւորանքի ելոյթներով հանդէս եկան Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Գոնաշվիլի, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխչեան, Վրաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիւի Շահնազար, գրող, թարգմանիչ Անահիտ Բոստանջեան:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ օրը անուանեց պատմական, քանզի Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի բնակարանը շուտով պիտի վերադառնայ իր նպատակային ծառայութեան եւ Թեմի անունով ստանձնեց անհրաժեշտ վերանորոգչական աշխատանքներու իրականացման, անհրաժեշտ գոյքով եւ կահաւորանքով ապահովման պարտաւորութիւն:
Այնուհետեւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Գոնաշուիլի ստորագրեցին համագործակցութեան մասին յուշագիր, որուն միացան Վրաստանի Հայ Գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը, «Հայարտուն» կեդրոնը, Հայ-վրացական մշակութեային կապերու «Կամուրջ» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Յ.Գ. Հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի տունը կը գտնուի Ամաղլեբայ (նախկին` Դաւիթաշվիլի) փողոցի 18 հասցէին մէջ, ուր ապրած է Թումանեան 1909-1923 թուականներուն, իսկ 1952ին տան իրերը տեղափոխուած են Երեւան:
6 սենեակներէն 4ը վերածուած էին գրադարանի, իսկ միւս 2ը` մնացած էին գրողի ժառանգներուն: Անկախացումէն ետք Թիֆլիսի քաղաքապետարանը որոշ հանգամանքներու բերումով գրադարանային մասը փոխանցած էր Վրաստանի քաղաքացիի մը, ուրմէ եւ հարկ եղաւ ձեռք բերել զայն: