Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մ­շոյ Եու­քա­րըեոն­կալ գիւ­ղին մէջ գտնո­ւող ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ հի­նա­ւուրց մե­ծահռ­չակ վան­քի տա­րած­քը հոն գտնո­ւող տու­նե­րէն ա­զա­տե­լու եւ վան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, ­Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ներ­քին գոր­ծոց նա­ խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն դի­մում ներ­կա­յա­ցո­ւած է:

­Դի­մու­մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է «­Սա­սուն, ­Պիթ­լիս, ­Պաթ­ման, ­Մուշ, ­Վան, ­Պո­լիս եւ միւս բո­լոր նա­հանգ­նե­րու, շրջան­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու հա­յե­րու եւ ­Սա­սու­նի շրջա­նի գիւ­ղե­րու ­Հայ­կա­կան Ըն­կե­րա­յին ­Փո­խօգ­նու­թիւն ու Մ­շա­կու­թա­յին ­Հա­մե­րաշ­խու­թիւն» միու­թեան նա­խա­գահ Ա­զիզ ­Տաղ­ճըն, որ յայտ­նած է, թէ Ս. ­Կա­րա­պետ վան­քը շատ կա­րե­ւոր եւ պատ­մա­կան ար­ժէք ու նշա­նա­կու­թիւն ու­նի:

ermenihaber.amի փո­խանց­մամբ, թրքա­կան «­Միլ­լի­յէթ» թեր­թը կը յայտ­նէ, որ ­Տաղ­ճըն ան­ցեա­լին եւս դի­մած է վան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար, սա­կայն մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գրա­ւոր պա­տաս­խա­նէն տե­ղե­կա­ցած է, որ վան­քի տա­րած­քին կան 48 տուն եւ 6 խո­տամ­բար: ­Տաղ­ճըն նշած է, որ 23.03.2012 թո­ւա­կա­նին ստա­ցո­ւած նա­մա­կին մէջ (հա­մար 2012-65584) ի­րենց տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ 6 ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին տա­րած­քը կը պար­պեն: «­Բայց 2012էն մին­չեւ 2015, ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր տա­րած­քը չեն ա­զա­տո­ւած»,- ը­սած է միու­թեան նա­խա­գա­հը:

­Տաղ­ճըն նաեւ յի­շե­ցու­ցած է, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ­Լո­զա­նի պայ­մա­նա­գի­րի 42/3 կէ­տով պար­տա­ւո­րո­ւած է պահ­պա­նու­թեան տակ առ­նե­լու փոք­րա­մաս­նու­թեանց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, սի­նա­կոկ­նե­րը, գե­րեզ­ման­նե­րը եւ այլ կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

­Տաղ­ճըն նշած է պահ­պա­նու­թեան կա­րիք ու­նե­ցող եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն հան­դի­սա­ցող վայ­րե­րուն մէջ կա­ռու­ցա­պա­տում ի­րա­կա­նաց­նող ան­հատ­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան են­թար­կե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին՝ յի­շեց­նե­լով, որ օ­րէնսդ­րու­թեան հա­մա­ձայն, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րուն դի­տա­ւո­րեալ կեր­պով վնաս հասց­նող­նե­րուն, ա­պօ­րի­նի կա­ռու­ցա­պա­տում ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րուն կը սպառ­նայ 2-5 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թիւն:

­Տաղ­ճըն մշա­կոյ­թի ու զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րէն դրա­կան պա­տաս­խան կ­՛ակն­կա­լէ: