-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-

Յունիս 4-6ին, Վան քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած է Միջագետքի Բժշկական Միութեան եւ Վանի Հաքքարի Բժշկական Կաճառի միասնաբար կազմակերպած բժշկագիտական Է., ատամնաբժշկագիտական Բ. եւ դե ղագործագիտական Ա. գիտաժողովները, որոնց մասնակցած են 13 երկիրներէ աւելի քան 700 մասնակիցներ՝ իրենց 105 գիտական զեկոյցներով։ Գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ 3 հայ բժիշկներ, 3 հայ ատամնաբոյժներ եւ 1 հայ դեղագործ (Մարիամ Սարգիսեան, Իրաք), որոնք հանդէս եկած են հետեւեալ նիւթերով.- «Շրթունքներու եւ Քիմքերու Ճեղքերը» (ատամնաբոյժ Թորոս Ալճան), «Երիկամի Զարկերակի Սեղմում» (տոքթ. Արա Ուղուրլեան), «Հիւանդանոցի Հիժէն ու Առողջապահութիւն» (տոքթ. Համբարձում Մէրկէրեան), իսկ գիտաժողովի հայերէն բաժնի վարիչ տոքթ. Սարգիս Ատամ՝ «Պարբերական Հիւանդութիւն-Հայկական Հիւանդութիւն» նիւթով։ Բոլոր բժիշները իրենց զեկոյցները ներկայացուցած են հայերէն լեզուով։ Հայ բժիշկներու կողմէ հայերէն լեզուով ներկայացուած զեկուցումները դարձած են ներկաներու ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան կիզակէտը՝ արժանանալով գիտաժողովի կազմակերպիչներու բարձր գնահատանքին։ Գիտաժողովի աւարտին, կազմակերպիչ մարմնին կողմէ հրատարակուած է միացեալ ամփոփագիր մը, ուր յիշուած են Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ժողովուրդներու տառապանքներն ու ողբերգութիւնները, նշուած է նաեւ մարդու կեանքին եւ մարդու առողջութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը։