Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քո­փեն­հա­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­սում­նա­սի­րո­ւած են 101 հնա­գոյն ծննդա­կան նմոյշ­ներ Եւ­րա­սիա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէն:

Ըստ armradio.amի` ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տեղ գտած են Հա­յաս­տա­նի պրոն­զէ եւ եր­կա­թէ դա­րե­րու տար­բեր հնա­վայ­րե­րու մէջ պե­ղո­ւած մար­դոց ծննդա­կան  տո­ւեալ­նե­րը: Ու­սում­նա­սի­րու­թեան նպա­տա­կը պրոն­զէ դա­րուն Եւ­րա­սիա­յի բնակ­չու­թեան ծննդա­կան նկա­րագ­րի վեր­հա­նումն էր: Ի՞նչ պար­զո­ւած է մաս­նա­գէտ­նե­րու քա­նա­կի, տա­րած­քի եւ նիւ­թե­րու ընդգրկ­ման տե­սա­կէ­տէն՝ նա­խա­դէ­պը չու­նե­ցող գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման իբ­րեւ  ար­դիւնք:

Կը ներ­կա­յաց­նէ հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ան­մի­ջա­կան մաս­նա­կից, Գ.Ա.Ա. Մո­լե­քիւ­լա­յին  կեն­սա­բա­նու­թեան ու­սում­նա­րա­նի ցե­ղա-ծննդա­կան տար­րա­լու­ծա­րա­նի վա­րիչ, կեն­սա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, փրո­ֆե­սոր Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեա­ն.

«Հ.Հ.ի ներ­կայ տա­րած­քում յայ­տա­նա­բե­րո­ւած պրոն­զէ­դա­րեան նիւ­թերն ու­նեն նոյն ծննդա­կան պատ­կե­րը, ինչ ու­նենք այ­սօր: Այ­սինքն` հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ այս տա­րած­քի վրայ ապ­րել ու այ­սօր էլ շա­րու­նա­կում է ապ­րել մար­դա­բա­նա­կան նոյն տե­սա­կը»: Ի դէպ, տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րէն այս հե­տա­զօ­տու­թեան մաս­նակ­ցած է միայն Հա­յաս­տա­նը: Ին­չու: Ըստ Ե­պիս­կո­պո­սեա­նի, ո­րով­հե­տեւ չու­նինք խնդիր եւ բար­դոյթ: Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կը մեր ա­րե­ւե­լեան հա­րե­ւա­նը  մեր­ժած է` այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ այ­սօր կ’ի­րա­կա­նա­ցո­ւի ցե­ղա­կան ամ­րապնդ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ նման հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րով չեն ու­զեր խտրա­կա­նու­թիւն մտցնել կամ անջր­պետ յա­ռա­ջաց­նել ցե­ղա­կան խում­բե­րու մի­ջեւ: