Հինգշաբթի՝ 4 Յունիս 2015ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի նախագահ Լէօ Յուսաքոսի հետ եւ շնորհաւորեց Յուսաքոսը իր նոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով:
Ծերակոյտի նախագահը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ խօսեցաւ Գանատայի ծաղկման մէջ հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին եւ իբրեւ կազմակերպ համայնք ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան` զայն որակելով համաշխարհային վտանգ եւ առաջարկ ներկայացուց, որ յատուկ ծրագիր մը մշակուի եւ գործադրուի դիմագրաւելու ծայրայեղականութեան երեւոյթը:
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է, ի՛նչ ալ ըլլան քաղաքագէտներու կեցուածքները, անիկա չի դադրիր ցեղասպանութիւն ըլլալէ»:
Ծերակոյտի նախագահը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները: Ապա հարց տուաւ, թէ այսօր եկեղեցին ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Վեհափառ Հայրապետը պատասխանելով Ծերակոյտի նախագահին հարցումներուն ըսաւ.- «Եկեղեցին պէտք է հաղորդակից ըլլայ իր ժողովուրդին հետ:
Այսօր զանազան ընկերային եւ բարոյական հարցեր կան, որոնց մասին եկեղեցին պէտք է խօսի հովուական մօտեցումով` միշտ կառչած մնալով իր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն:
Մենք նաեւ երկխօսութեան մէջ պէտք է մտնենք երիտասարդութեան հետ եւ փորձենք հասկնալ անոնց մտահոգութիւնները, միշտ յատուկ ճիգ թափելով երիտասարդութիւնը մօտեցնելու եկեղեցւոյ»: