Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Չո­րեք­շաբ­թի՝ 3 ­Յու­նիս 2015ին, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս Օթ­թաո­ւա­յի մէջ, ­Գա­նա­տա, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Գա­նա­տա­յի վար­չա­պետ Ս­թի­վըն ­Հար­փը­րի հետ: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը իր գնա­ հա­տան­քը յայտ­նեց ­Գա­նա­տա­յի ժո­ղո­վուր­դին ու կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գծով ի­րենց որ­դեգ­րած յստակ կե­ցո­ւած­քին հա­մար: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նեց ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ու յատ­կա­պէս ­Սու­րիա­յէն ներս տի­րող կա­ցու­թեան առն­չու­թեամբ, եւ կոչ ուղ­ղեց ­Գա­նա­տա­յի պե­տու­թեան՝ ա­ւե­լի գոր­ծօն կեր­պով օ­ժան­դա­կե­լու սու­րիա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման ու քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան:

­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Իշ­խան»ի շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց վար­չա­պետ Ս­թի­վըն ­Հար­փը­րը, առ ի գնա­հա­տանք հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին նկատ­մամբ ա­նոր ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան: ­Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի ըն­թաց­քին նախ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին եւ ­Գա­նա­տա­յի վար­չա­պե­տին մի­ջեւ։ Ա­պա՝ հան­դիպ­ման միա­ցաւ ­Նո­րին Սր­բու­թեան գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին ­Գա­նա­տա­յի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Մեղ­րիկ Եպս. ­Բա­րի­քեան, Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ­Տոքթ. ­Ժի­րայր ­Պաս­մա­ճեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գ­րի­գոր ­Տէր-­Ղա­զա­րեան, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան, ­Գա­նա­տա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Րաֆ­ֆի ­Տօ­նա­պե­տեան եւ ­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան: