«Սուրիոյ հայ համայնքի ղեկավարները չեն խոչընդոտեր, որ սուրիահայերը լքեն Սուրիան»,- 168.amի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Բերիոյ թեմի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ անդրադառնալով մամուլի էջերուն շրջա նառութեան մէջ դրուած այն խօսակցութիւններուն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն Դամասկոս կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանի կեցուածքին պատճառով, չէ քննարկուած տեղափոխման հարցը այն սուրիահայերուն, որոնք կը ցանկան լքել Սուրիան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ համայնքի ղեկավարները կը խոչընդոտեն սուրիահայերուն Հայաստան վերադառնալու ընթացքը, Ռէյիսեան պատասխանած է, թէ նման որակումներ տալը սխալ է:
Ան տեղեկացուցած է, որ անձամբ ներկայ գտնուած է, Դամասկոսի մէջ, Հայաստանի պաշտօնատարներուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հանդիպման, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը եւ Հ.Հ. դեսպանը առաջարկած են համայնքի ներկայացուցիչներուն ներկայացնել իրենց խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները, եղած են հարցումներ, որոնք բոլորն ալ սպառիչ պատասխաններ ստացած են:
«Իսկ հիասթափուող մարդոց չեմ հասկնար, եթէ անոնք հարց չեն բարձրացներ: Փոխանակ հիասթափուին, թող հարցեր բարձրացնեն եւ ստանան պատասխաններ, աջակցութիւն»,- ըսած է Ռէյիսեան: Վերջինս նաեւ նշած է, որ համայնքի ոեւէ ներկայացուցիչի անձնական ցանկութիւնը հաւաքական ցանկութիւն չէ, եւ պէտք չէ ըսել, թէ բոլորը կը ցանկան հեռանալ:
«Կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան հեռանալ, կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան մնալ: Այս ամէնը հաւաքական տրամադրութիւն չէ: Իսկ Առաջնորդարանի դերակատարութեան մասին խօսիլը, կը կարծեմ, որ սխալ է: Առաջնորդարանը, Ազգային Իշխանութիւնը, պատասխանատու բոլոր կողմերը կը խորհին, որ այն մարդիկ, որոնք Սուրիայէն դուրս գալ կը ցանկան, թող երթան հայրենիք: Բնականաբար, մենք չենք ցանկար, որ գաղութը լուծարուի, ամայանայ, բայց դէմ չենք կրնար ըլլալ, եթէ մարդիկ որոշած են հեռանալ, խորհուրդ կու տանք երթալ հայրենիք»,- ընդգծած է Ռէյիսեան: