Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է Կարսի պահպանման խորհուրդին կողմէ- Անիի աւերակներու շրջապատի մաքրութեան եւ վերանորոգութեան համար - 2013ին պատրաստուած ծրագիրը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն՝ վկայակոչելով «Աքշամ»ի աշխատակից Ելտա Կէօքտաղի Անգարայէն հաղորդած տեղեկութիւնները։
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Անիի աւերակներու շրջանը ծանօթ է որպէս «Քառասուն Դռներով Քաղաք» կամ «1001 Եկեղեցիներու Քաղաք»։
ԵՈՒՆԵՍՔՕ վերջերս Անին ընդունած էր Համաշխարհային Ժառանգութիւններու առժամեայ ցանկին մէջ։ Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի վերանորոգելու շրջանը, ապահովելու համար, որպէսզի Անին 2016 թուականին ընդունուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի մնայուն ցանկին մէջ։
Վերանորոգութեան աշխատանքին համար պիտի հրաւիրուին զանազան մասնագէտներ, իսկ Մայր եկեղեցիին նորոգութեան համար պիտի հրաւիրուին նաեւ Հայաստանէն մասնագէտներ։ «Աքշամ» այս լուրը կը հաղորդէ «Քառասուն Դռներով Քաղաքը կը բանայ իր դռները» խորագիրին ներքեւ։