Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Ա­մե­րի­կեան Քա­լի­ֆոր­նիա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Սան­թա Ք­րու­զի մաս­նա­ճիւ­ղի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դը ըն­դու­նած է գաղտ­նի քո­ւէար­կու­թեամբ բա­նա­ձեւ, որ կ’ար­գի­լէ 72,6 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­ նա­կան պար­տա­տոմ­սե­րու եւ այլ ներդ­րում­նե­րու կա­տա­րում Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: Ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի նման ո­րո­շու­մը կա­պո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Աղ­բիւ­րը կը ման­րա­մաս­նէ, որ Քա­լի­ֆոր­նիա­յի հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ներդ­րում­ներ ը­նե­լու դէմ հան­դէս ե­կած են ոչ միայն Սան­թա Ք­րու­զի մաս­նա­ճիւ­ղի ու­սա­նող­նե­րը, այ­լեւ Հայ ու­սա­նող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: «­Տո­ւեալ բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մը ցոյց տո­ւաւ Թուր­քիոյ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի չնա­հան­ջէ, քա­նի դեռ ի­րենք չեն ճանչ­ցած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- նշած է Հայ ու­սա­նող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ Քա­մի Քա­հո­ւէ­ճեա­նը: