Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­տա­նա­յի ­Քո­զան (­Սիս) գա­ւա­ռին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան վա­նա­կան հա­մա­լի­րի տա­րած­քին ման­կա­կան զբօ­սայ­գի կա­ռու­ցո­ւած է:

Նշեալ վա­նա­կան հա­մա­լի­րը կը պատ­կա­նի շար­քին այն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան գոյ­քե­րուն, ո­րոնց վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­ կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա­ռա­ջին վեր­ջերս դի­մած է թրքա­կան դա­տա­րան:

Աղ­բիւ­րին վկա­յու­թեամբ՝ շուրջ 700 տա­րի, շրջա­նի հա­յե­րուն հա­մար հո­գե­ւոր կեդ­րոն ծա­ռա­յած վա­նա­կան հա­մա­լի­րի վե­րա­դարձ­ման պա­հան­ջով բա­ցո­ւած դա­տա­կան գոր­ծին ի պա­տաս­խան՝ ­Քո­զա­նի քա­ղա­քա­պետ, ­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր «Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում» ­Կու­սակ­ցու­թեան (Ա.Շ.Կ.) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մու­սա Օզ­թուրք յայ­տա­րա­րած է.-«Ոե­ւէ մէ­կուն ան­գամ մէկ թիզ հայ­րե­նի­քի հող չու­նինք տա­լու», եւ վա­նա­կան հա­մա­լի­րի բա­կը ման­կա­կան զբօ­սայ­գի կա­ռու­ցած է:

«1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դած շրջա­նին՝ 1921ին, Ա­տա­նա­յի ­Քո­զան գա­ւա­ռի հայ­կա­կան վա­նա­կան հա­մա­լի­րը 48 ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց յանձ­նե­լու հրա­ման ե­կաւ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը տի­պո­ւած ե­ղան լքե­լու Ա­տա­նան:

«­Հար­կադ­րա­բար ­Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խո­ւած հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը մայ­րա­քա­ղաք ­Պէյ­րու­թի Ան­թի­լիաս շրջա­նին մէջ նո­րէն հիմ­նե­ցին ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը»,-կը գրէ թրքա­կան պար­բե­րա­կա­նը:

­Հայ­կա­կան եր­կու կա­րե­ւո­րա­գոյն հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը՝ ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, Ապ­րիլ 27ին դի­մե­լով ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան՝ պա­հան­ջած է վե­րա­դարձ­նել Ա­տա­նա­յի (­Սի­սի) հայ­կա­կան ­Սուրբ ­Սո­ֆիա ե­կե­ղե­ցին, վան­քա­պատ­կան կա­ռոյց­ներն ու այլ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան գոյ­քեր:

«­Յայտ­նի է, որ լքո­ւած եւ ան­հո­գու­թեան վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւած, գան­ձեր ո­րո­նող­նե­րու կող­մէ անխ­նայ ա­ւե­րո­ւող Ա­տա­նա­յի հայ­կա­կան վա­նա­կան հա­մա­լի­րի վե­րա­բե­րեալ 1950 թո­ւա­կա­նին կազ­մա­քանդ­ման հրա­ման ե­ղած է, իսկ ա­ւե­րո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րե­րը որ­պէս շի­նա­նիւթ օգ­տա­գոր­ծո­ւած են շրջա­կայ­քի տու­նե­րու կա­ռուց­ման ժա­մա­նակ»,-կը գրէ աղ­բիւ­րը:

Ա­տա­նա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը, ուր ի դէպ կը գտնո­ւին հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու շի­րիմ­նե­րը, ման­կա­կան զբօ­սայ­գիի կա­ռու­ցու­մը բո­ղո­քի ա­լիք ա­ռա­ջա­ցու­ցած է եւ լայն քննար­կում­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ՝ ո­րա­կո­ւե­լով որ­պէս 1915 թո­ւա­կա­նի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: