Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Լե­հաս­տա­նի Գ­րա­գով քա­ղա­քին մէջ, ­Լե­հաս­տա­նի Ա­րո­ւեստ­նե­րու եւ ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միա­յի շէն­քէն ներս, ­Մա­յիս 30ին կա­յա­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. ա­տի­կա կա­տա­րո­ւած է բազ­ մա­թիւ ան­գամ, սա­կայն ա­ռա­ջի­նը հա­յե­րու հան­դէպ» թե­մա­յով գի­տա­ժո­ղով, ո­րուն մաս­նակ­ցած է նաեւ ­Լե­հաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան Էդ­գար ­Ղա­զա­րեան: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կէն։

­Գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պած էին ­Լե­հաս­տա­նի Ա­րո­ւեստ­նե­րու եւ ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միա­յի Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­ժո­ղո­վը, Գ­րա­գո­վի Եա­կե­լո­նեան հա­մալ­սա­րա­նի Էթ­նո­լո­կիա­յի եւ Ազ­գագ­րա­գի­տու­թեան ու­սում­նա­րա­նը եւ Գ­րա­գո­վի ­Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը: ­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կած են դես­պան ­Ղա­զա­րեան եւ Գ­րա­գո­վի Եա­կե­լո­նեան հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սըր Ք­շիշ­դոֆ Ս­դոբ­գան: Այ­նու­հե­տեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ծա­ւա­լուն զե­կոյ­ցով հան­դէս ե­կած է ­Փա­րի­զէն յա­տուկ հրա­ւի­րո­ւած փրո­ֆե­սըր ­Ռայ­մոնտ ­Գէոր­գեան: ­Գի­տա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս ­Լիւպ­լի­նէն հրա­ւի­րո­ւած փրո­ֆե­սըր Վ­լատ­ժի­միերժ Օ­սատ­չին ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Լե­հաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ե­րե­ւե­լի գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կուն՝ Լ­վո­վի ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս Եո­զեֆ ­Թէո­տո­րո­վի­չի կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ նոր հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քը:

­Գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, «­Հա­յե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մշա­կու­թա­յին հե­տե­ւանք­նե­րը պատ­մա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից տե­սան­կիւ­նէն» խո­րագ­րով քննարկ­ման ժա­մա­նակ, ա­ռան­ձին զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կած են Գ­րա­գո­վի Եա­կե­լո­նեան հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սըր­ներ, դոկ­տոր ­Ռե­նա­դա Գ­րոլ ­Մա­զուր, դոկ­տոր ­Տո­րո­դա ­Ժիե­դեգ, դոկ­տոր Անտ­ժէյ ­Ժիե­դեգ, դոկ­տոր Եա­կուպ Օ­սիեց­քի եւ ­Լե­հաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի ազ­գագ­րա­գէտ ­Գոն­րատ ­Սիե­գիերս­քի: