Քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անդրադարձը փոքրամասնութիւններու վրայ ընդհանրապէս եւ Սուրիահայութեան վրայ յատկապէս, երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան ծիրը ընդլայնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Կոմիտէի անդամներ Յակոբ Մանուկեան եւ Սարհատ Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Կարէն Գույումճեան: