Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան­նե­րուն եւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի դի­մում­նե­րուն, Ա­րամ Ա. Հայ­րա­պե­տը ­Հինգ­շաբ­թի ­Մա­յիս 28ին, ­Պոս­թը­նի մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի Ան­ կա­խու­թեան նուիրո­ւած ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Աս­պետ» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին դես­պան ­Ճան Է­վըն­զը, որ 10 տա­րի ա­ռաջ՝ ան­սա­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան ար­ժէք­նե­րու իր ներ­քին ձայ­նին, հաս­տա­տած էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը, քայլ մը, ո­րուն պատ­ճա­ռով իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը վերջ գտած էր, սա­կայն խիղ­ճը ա­զա­տագ­րած՝ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը կաշ­կան­դող բո­լոր թնճուկ­նե­րէն:

Շր­ջա­նի ընդ­հա­նուր ոս­տի­կա­նա­պետ շե­րիֆ ­Փի­թըր ­Քիւ­թիւ­ճեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով դես­պան Է­վըն­զը, զայն ո­րա­կեց «նոր օ­րե­րու ­Հեն­րի ­Մոր­կըն­թաու», որ իր ձայ­նը քա­ջա­բար բարձ­րա­ցու­ցած էր յա­նուն ար­դա­րու­թեան: ­Դես­պա­նը պար­գե­ւատ­րո­ւե­լէ ետք, իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին, ի­րեն ըն­ձեռ­նո­ւած այս պա­տի­ւին հա­մար: