Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, «­Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծում ու­նե­ցած մեծ վաս­տա­կի, Ս­փիւռ­քում հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րի պահ­պան­ման, զար­գաց­ման եւ տա­րած­ման գոր­ծում ներդ­րած բա­ցա­ռիկ ա­ւան­դի հա­մար», «­Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա կա­թո­ղի­կո­սը: Գի­տու­թեան, ա­րո­ւես­տի, կրթու­թեան, տնտե­սու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ ակ­նա­ռու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու տրո­ւող պար­գե­ւին ար­ժա­նաց­նե­լով Ա­րամ Ա.ին՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը պե­տա­կա­նօ­րէն գնա­հա­տած է Կա­թո­ղի­կո­սը, որ իր հո­գե­ւոր գե­րա­գոյն ղե­կա­վա­րի հան­գա­ման­քով՝ նման գնա­հա­տանք ստա­նա­լու ակն­կա­լու­թիւն կամ սպա­սում դժո­ւար թէ ու­նե­նայ: