Մայիս 19ին, Փարիզի 5րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ, պատմաբան Գլօտ Մութաֆեան դասախօսութիւն մը կու տար «Լեռնային Ղարաբաղ. պատմութիւն եւ հեռանկարներ» նիւթով: Աւարտին, հարցում-պատասխաններու բաժնին, լսարանի մասնակիցներէն մէկը խօսք ուզած է: Բայց ըստ երեւոյթին հարցում յղելու համար չէր: Արդարեւ ենթական տիկին Նիկար Հիւսէյնովան էր, Ատրպէյճանի դեսպանատան աւագ խորհըրդականը, որ եկած էր քանի մը «բարեկամ»ներով: Հարցում յղելու փոխարէն, ան սկսած է ի՛ր դասախօսութիւնը ներկայացնել, որ ողողուած էր ապատեղեկութիւններով եւ սխալներով, ներառեալ ինչ կը վերաբերի Արցախի իբրեւ թէ Ստալինի կողմէ Ազէրպայճանի յանձնուած ըլլալու փաստը, այդ հաստատումը վերագրելով Գլօտ Մութաֆեանին, մինչ վերջինս ճիշդ հակառակը ըսած էր:
Անմիջապէս շփոթ կացութիւն մը ստեղծուած է: Վիճարկումը վերածուած է բուռն վիճաբանութեան, մինչ սրահին մէջ սկսած է բարձրանալ ընդհանուր ժխոր, շատեր սկսած են մեկնիլ: Գլօտ Մութաֆեան յայտարարած է, թէ այդ պայմաններուն մէջ այլեւս չի փափաքիր շարունակել դասախօսութիւնը:
Տիկին Հիւսէյնովա շատ կանուխէն սրահ եկած էր, իր զօրակիցներուն հետ տիրապետող դիրքեր գրաւելու համար: Անոնց մէջ էին «Objectif 21»ի անդամներ: Այս ընկերակցութեան կոչումը իբրեւ թէ «գործօն քաղաքացիութեան խթանում»ն է: Սակայն, իրականութան մէջ, ան պարզապէս թրքական քարոզչութեան գործիք մըն է, ինչպէս Թուրքերը իրենք իսկ կը հաստատեն, եւ ընկերակցութեան կայքէջին վրայ զետեղուած նիւթերն ալ կ՚ապացուցանեն: