Ամերիկահայ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան 900 հազար տոլար նուիրած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, ինչպէս կը յայտնէ News.am:
Այս մասին Մայիս 27ին, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 24րդ համատեղ նիստին ժամանակ, յայտարարած է հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը Հիմնադրամի «Նուիրատու-բարերար» կոչումով պարգեւատրած է ամերիկահայ բարերարը: Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ այսօր կ’ընթանայ Հիմնադրամի նիստը, որուն ներկայ են Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. նախագահները, հոգաբարձուներու խորհուրդի 24 անդամները: Նիստին ընթացքին Արա Վարդանեան պիտի ներկայացնէ Հիմնադրամի գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը 2014ի կատարած աշխատանքներուն մասին: