Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յու­նիս 1ին ժա­մը 17.30ին Չե­խիոյ Լի­տի­ցէ յու­շա­հա­մա­լի­րի թան­գա­րա­նա­յին հա­տո­ւա­ծին մէջ պի­տի բա­ցո­ւի «­Գող­ցո­ւած ման­կու­թիւն. Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ ե­րե­խա­նե­րը» լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը` նո­ ւի­րո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին: Այս մա­սին՝ ըստ «­Հա­յերն Այ­սօր»ի՝  կը յայտ­նէ Չե­խիոյ «Օ­րեր» ամ­սա­գի­րը: Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ պի­տի ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան  եւ Չե­խիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Տա­նիէլ Հեր­մա­նը: Ա­սի­կա նմա­նա­տիպ ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցումն է Լի­տի­ցէի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ:

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Չե­խիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Լի­տի­ցէի յու­շա­հա­մա­լի­րը, Ե­րե­ւա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նարկ-թան­գա­րա­նը եւ Չե­խիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ներ­կա­յացուին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած ե­րե­խա­նե­րու ճա­կա­տագ­րե­րը` լու­սան­կար­նե­րով ու յա­րա­կից պատ­մա­կան վա­ւե­րագ­րե­րով, ո­րոնք ցոյց կու տան բռնա­գաղ­թի ճա­նա­պար­հը ան­ցած հա­զա­րա­ւոր ե­րե­խա­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կամ  ման­կատ­նե­րու մէջ ան­ցու­ցած որբ հայ մա­նուկ­նե­րու կեան­քը: «Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է եւ կը ծաղ­կի ապ­րիլ  մի­լիո­նա­ւոր ե­րե­խա­նե­րու մա­հո­ւան գնով: Զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու եւ բռնի իս­լա­մաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած է թրքա­կան ազ­գա­յին պե­տու­թեան եւ ողջ կայս­րու­թեան կեան­քի հիմ­նա­կան ան­կիւ­նա­քա­րը: Այդ դա­ժան հա­մա­կար­գի զոհ գա­ցած են հա­զա­րա­ւոր հայ, յոյն, պուլ­կար, ինչ­պէս նաեւ Սեր­պիոյ, Վ­րաս­տա­նի, Սու­րիոյ, Ռու­մա­նիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու  ե­րե­խա­ներ, ո­րոնք բռնի հե­ռա­ցո­ւած են ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն կամ  էթ­նիկ հա­մայնք­նե­րէն եւ  իս­լա­մա­ցո­ւած են: Այս ե­րե­խա­նե­րը կայս­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րու մէջ նաեւ ապ­րած են ստըր­կաց­ման պայ­ման­նե­րու մէջ: «Ա­ւե­լի քան կէս մի­լիոն հայ, յոյն եւ սու­րիա­ցի  ե­րե­խայ զո­հո­ւած կամ ըն­դու­նած է իս­լա­մու­թիւ­նը:

Թուր­քիոյ մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու նկատ­մամբ կի­րա­ռո­ւած  այս Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 20րդ դա­րու մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն է, որ ոչ միայն  սար­սա­փե­լի է եւ տա­կա­ւին կը մնայ իբ­րեւ ան­պա­տիժ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մարդ­կու­թեան եւ քա­ղա­քակըր­թու­թեան դէմ»: Այս մա­սին կ­՛ը­սո­ւի Չե­խիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ 2015 թուա­կա­նի Յու­նիս 30: