Ճաբոնցի մասնագէտներ այս տարի ցանկութիւն յայտնած են առաջին անգամ հայ մասնագէտներու հետ համատեղ պեղումներ իրականացնելու Հայաստանի տարածքին:
Պեղումները պիտի իրականացուին Արարատեան դաշտի եւ Արագածի նախալեռնային շրջաններու մէջ արձանագրուած շարք մը կառոյցներու ուսումնասիրութեան նպատակով, որոնք, ըստ երեւոյթին, կրնան տուեալներ տալ քարէ դարու (մասնաւորապէս` նոր քարէ դարու (նէոլիթ) եւ պղնձիքարի դարու (էնէոլիթ) ժամանակներուն վերաբերեալ:
Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը, որուն խօսքով նոր կառոյցները արձանագրուած չեն եղած որպէս յուշարձաններ եւ ներառուած չեն հանրապետութեան յուշարձաններու ցանկերուն մէջ:
«Ցանկանում ենք դաշտային հետազօտական աշխատանքներ կատարել եւ հասկանալ իսկապէս մեր նախնական դիտարկումները արդարացւո՞ւմ են, արդեօք դրանք իսկապէս յուշարձաննե՞ր են եւ ի՞նչ բնոյթի յուշարձաններ»,- նշած է Աւետիսեանը: Հայ-ճաբոնական համատեղ ծրագիրը կ՛իրականացուի Քանազաւայի համալսարանի մասնագէտներու հետ: 2015 թուականի համար Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը նախատեսած է ներկայացնել 28 յայտ այս տարի հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ տարբեր ժամանակներու 28 յուշարձաններու պեղման եւ ուսումնասիրման աշխատանքներ կատարելու համար: Պեղումներ նախատեսած են նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան պատմամշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը մօտ 10 յայտ եւ Շիրակի երկրագիտական թանգարանն ու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Շիրակի հետազօտութիւններու կեդրոնը մօտ 23 յայտ:
Ինչպէս տեղեկացուցած է Պաւել Աւետիսեանը, ներկայացուած յայտերուն մեծամասնութիւնը շարունակական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրով նախատեսուած յայտեր պիտի ըլլան: Այսինքն` պիտի վերաբերին նախապէս կատարուած աշխատանքներուն հայոց մայրաքաղաքներու, տարբեր ժամանակներով թուագրուող յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնններուն կամ համատեղ ծրագիրներով տասնեակ տարիներ իրականցուող ծարգիրներուն: