Պահը ազդեցիկ էր. լսողին միտքն ու հոգին խայտաց:
23 Ապրիլ 2014ին Քեսապի մէջ բոլորովին տարբեր իրավիճակ կը տիրէր:
Թուրքիոյ արիւնարբու կառավարութեան ու անոր հետեւորդին պիղծ շունչը հասած էր Քեսապ: Թուրքին գործակատարները տեղահանութեան ենթարկած էին Քեսապի զաւակները` զրկելով քեսապցին իր հայաշունչ գիւղէն, սակայն քեսապցին, հարբած կեանքի սիրով, տկարութիւն ու յուսահատութիւն չի ճանչնար:
24 Ապրիլ 2015ին Քեսապի երեք համայնքներու անյաղթ զաւակները հոծ բազմութեամբ հաւաքուած էին Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը:
Թշնամին այրած էր այդ եկեղեցւոյ պատերը եւ նիւթական իրերը, սակայն չէր կրցած այրել սէրը մեր հոգիներուն մէջ՝ կեանքի ու եկեղեցւոյ եւ մեր գիւղի նկատմամբ: Ան չէր մտաբերած, որ քեսապցին` Կասիոս լերան զաւակը կրկին անգամ կրնար իր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել այդ հրկիզուած եկեղեցւոյ մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ տոհմիկ սովորութիւն դարձած է այդ յարկին տակ ապրիլեան ոգեկոչումներ համախմբել:
Հանդիսավար Թամար Ղազարեան-Քէշիշեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներու յիշատակին:
Օրուան բացման խօսքը ներկայացուց պատուելի ժիրայր Ղազարեան:
Օրուան բանախօսն էր գիւղին զաւակը, կրթական մշակ, Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանի վաստակաւոր նախկին տնօրէնը` Վահէ Ղազարեանը:
Միջազգային ընտանիքի կեցուածքներուն անդրադառնալով` բանախօսը բարձր գնահատեց Վատիկանի Քահանայապետին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կեցուածքը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը:
Բանախօսը իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ բոլոր փորձերը` քաղաքակիրթ սեպուելու, ձախողած են, որովհետեւ ան կը մնայ արիւնարբու օսմանցիին ժառանգորդը. փաստը՝ Սուրիոյ մէջ թշնամական մօտեցումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական կեցուածքն է:
Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան, որ բարձրօրէն գնահատեց Քեսապի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Յանձնախումբին կազմակերպուածութիւնն ու գեղարուեստական յայտագրին բոլոր մասնակիցները:
Օրուան խօսքերու ընթացքին ներկայացուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր Քեսապի երեք տեղահանութիւնները, 1909ի Ատանայի կոտորածէն պատկերներ, 1915ի Ցեղասպանութեան եւ վերջին տեղահանութեան ու վերադարձի լուսանկարներ ու խօսքեր:
Տօնակատարութեան աւարտին, երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ՝ քայլերթ սկսաւ Քեսապի հրապարակէն դէպի Քեսապի գերեզմանատան Ապրիլեան Նահատակներու յուշարձանը, ուր զետեղուեցան մեխակներ ու ծաղկեպսակներ: Պահը տպաւորիչ էր, քայլերթը յառաջացաւ ինքնավստահ քայլերով, հաստատ կամքով, թէ հայը 100 տարի ետք կը յիշէ եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքը…
Շաղիկ Կարօ Մանճիկեան