-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
Իրաքցի վանական Նաճիպ Միխայել պատմած է, թէ ինչպէ՞ս ԻԼԻՊէն փրկած է հնագոյն ձեռագիրներ, որոնց մէջ նաեւ` հայերէնով: Գնդակները սուլած են հոգեւորականի գլխուն վերը, քիչ հեռու նկատուած է ԻԼԻՊի սեւ դրօշը, սակայն վանականը մտածած է միայն հարիւրաւոր իրա քեան ձեռագիրները փրկելու մասին: Առաջին անգամ` 2008 թուականի իսլամական յուզումներուն ժամանակ, Միխայել կրցած է թանկարժէք գրադարանը Մոսուլէն փոխադրել Իրաքի խոշորագոյն քրիստոնէական քաղաքը՝ Պաղտատ: Երբ անցնող Հինգշաբթի ԻԼԻՊը Սուրիոյ մէջ գրաւած է հնագոյն Փալմիրա քաղաքը՝ հետագայ աւերածութիւններու վտանգ յառաջացնելով, Միխայել Փարիզի մէջ պատմած է, թէ ինչպէ՞ս տարուած է Իրաքի 2000ամեայ քրիստոնէական ժառանգութեան մնացորդները փրկելու գաղափարով: Նաճիպ Միխայելի փրկած հաւաքածուն կը ներառէ պատմական եւ փիլիսոփայական աշխատութիւններ, քրիստոնէական եւ մահմետական փաստաթուղթեր, երաժշտութեան եւ գրականութեան մասին հայերէն, արամերէն, արաբերէն, ասորերէն արձանագրութիւններ: