Լիբանանի մէջ Մայիս 21ին վախճանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն` Կորիւն Արք. Պապեան: Վերջին օծման ու թաղման կարգը կատարուած է Շաբաթ, 23 Մայիս 2015ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ
Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի։
Ապա՝ Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ, Մայրավանքի շրջափակէն ներս։
Սրբազան Հայրը ծնած էր 1941ին, Պուրճ Համուտի Արագած թաղը: Յաճախած է Նոր Սիսի «Աքսոր Գասարճեանե - այդ օրերուն «Լուսինեանե կոչուած - ազգային վարժարանը: Իսկ միջնակարգ ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ:
1957-1958 ուսումնական տարեշրջանին ընդունուած է դպրեվանք, ուր տակաւին պատանի տարիքէն ցուցաբերած է գրական շնորհներ. հետագային լոյս ընծայած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ:
1961ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի, ձեռնադրուած է կուսակրօն հոգեւորական, որմէ ետք պաշտօնավարած է դպրեվանքին մէջ, որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ: 1967ին Խորէն Ա. Հայրապետի կարգադրութեամբ մեկնած է Անգլիա, Օքսֆորտի համալսարանին մէջ մասնագիտանալու համար աստուածաբանութեան եւ հայագիտութեան ճիւղերուն մէջ: 1977ին վերադառնալով Անթիլիաս` Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, հիմնած է Անթիլիասի մէջ «Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան դասընթացքեը՝ որպէս վարիչ:
Կորիւն սրբազանը եղած է Նոր Ջուղայի աւելի քան 400 տարիներու պատմութեան մէջ առաջին եւ միակ հոգեւորականը, որ շուրջ 25 տարիներ շարունակաբար եղած է Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի առաջնորդ:
2002ի մարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով վերադարձած է Անթիլիաս եւ անմիջապէս նշանակուած է կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմին: Երկրի եւ համայնքի ամէնէն տագնապալից եւ դժուարին տարիներուն, ամենայն խոհեմութեամբ եւ քաջութեամբ, Սրբազան Հայրը վարած է թեմի գործերը: Այցելած է ռազմաճակատ բազմաթիւ անգամներ` վտանգելով իր կեանքը:
Սրբազան հայրը Քուէյթի եւ թեմի շրջաններուն մէջ ունեցած է շինարարական, կազմակերպչական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն: Կապեր հաստատած է թէ՛ Քուէյթի պետական շրջանակներուն եւ թէ՛ այլ երկիրներու դեսպանատուներուն հետ: Սրբազանը աշխատակցած է հայ մամուլին եւ ունի գրական, քերթողական գործեր եւ բանասիրական բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ եւ յօդուածներ։