Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չէ ա­ւար­տած. կը շա­րու­նա­կո­ւի «սպի­տակ ջար­դը»` մշա­կոյ­թի ամ­բողջ շեր­տի մը ոչն­չա­ցու­մով: Այս մա­սին, ըստ «Ար­ցախփրես»ի, Մա­յիս 21ին կա­յա­ցած մա­մու­լի ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած է թրքա­գէտ Ա­նոյշ Յով­հան­նի­սեան:

Ա­նոր խօս­քով՝ այժմ Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րու ինք­նու­թեան հան­դէպ ճնշում­ներ կը գոր­ծադ­րուին, ա­նոնց թոյլ չեն տար խօ­սե­լու մայ­րե­նի լե­զո­ւով, զա­նոնք կը զրկեն սե­փա­կան պատ­մու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն: «Ին­չո՞ւ են ոչն­չաց­նում մշա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րը: Քա­նի որ այդ­պէս նրանք մաք­րում են հետ­քե­րը, ո­րոնք հե­տա­գա­յում կա­րող են մեր պա­հանջ­նե­րի հա­մար հիմք ծա­ռա­յել: Ա­մէն մի յան­ցա­գործ ու­զում է մաք­րել իր յան­ցա­գոր­ծու­թեան հետ­քե­րը»,- ընդգ­ծած է Յով­հան­նի­սեան: Միւս կող­մէ՝ ա­նոր կար­ծի­քով, իւ­րաց­նե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած էթ­նիկ խում­բի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը, ա­նոնք կ­՛օ­րի­նա­կա­նաց­նեն ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, այ­սինքն` ցե­ղաս­պա­նու­թեան պտուղ­նե­րէն օգ­տո­ւե­լու ի­րենց «ի­րա­ւուն­քը»: Թր­քա­գէ­տին կար­ծի­քով` մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­ռու­մով շատ դժո­ւար է ա­պա­ցու­ցել, որ այս կամ այն յու­շար­ձա­նը դի­տա­ւո­րեալ ոչն­չա­ցո­ւած է, այ­սինքն` իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւէ­րո՞վ, թէ՞ ո՞չ: «Այդ դէպ­քե­րում պէտք է հե­տե­ւո­ղա­կան լի­նել: Մենք պէտք է ար­ձա­գան­գենք ա­մէն նման դէպ­քի` օգ­տա­գոր­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը: Չ­նա­յած այն հան­գա­ման­քին, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ Թուր­քիա­յի վրայ ազ­դե­լու լծակ­ներ չու­նի, դա չի նշա­նա­կում, որ մենք պէտք է ձեռք­ներս ծա­լած նստենք: Պէտք է ա­նընդ­հատ խօ­սել այդ մա­սին մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կում»,- եզ­րա­փա­կած է Ա­նոյշ Յով­հան­նի­սեան: