Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանը (Ս.Ն.Ա.Վ.) 48 տարիներէ ի վեր բաց կը պահէ իր դռները Ամերիկա ծնած թէ Պէյրութէն ու Պոլիսէն գաղթած, Հալէպէն ու Պուլկարիայէն թէ Պարսկաստանէն այս ափերը հաստատուած հայ ուսանողներուն առջեւ։ Ու լոկ հայկական վարժարան մը ըլլալէ բացի, այս դպրոցին կրթական մակարդակը Նիւ Եորքի նահանգային կրթական լաւագոյն առաջին տասնեակին համազօր իր ծրագրով, միայն կրնայ երջանկացնել դպրոցին շուրջ հաւաքուած կրթական մշակներն ու ծնողները։
Ցեղասպանութեան դարադարձին, այս դպրոցն է, որ կրնանք ցոյց տալ որպէս երաշխիք մեր գոյութեան թէ ունինք տակաւին սերունդ մը, որ պիտի շարունակէ ազգապահպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ, գուցէ դժուարին պայմաններու տակ։ Ու անոր փաստը՝ Ս.Ն.Ա.Վ.ի շրջանաւարտները, որոնք ոչ միայն ունին ազգային լայն հետաքրքրութիւն, այլեւ անոնցմէ ոմանք ազգային ծառայութեան մէջ են մեր աւանդական կազմակերպութիւններէն ներս։ Մայիս 16, 2015.- Մանհեսըթի «Նորթ Հիլ Գաունթրի Գլապ»ի մէջ, երեք հարիւրի հասնող կրթանուէր ազգայիններ եկան քաջալերելու իրենց դպրոցը։ Դպրոցի տնօրէնուհին` Զարմինէ Պօղոսեան, իր բոլորանուէր կրթական աշխատանքով, վեր կը պահէ դպրոցին մակարդակը եւ իր սիրալիր յարաբերութիւններով դպրոցին շուրջ կը հաւաքէ զանազան յանձնախումբեր եւ մարմիններ, որոնք նիւթապէս կ’ըլլան օգտակար այս հաստատութեան։
Այս տարուան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին նախագահութիւնը տրուած էր ազգային ծանօթ բարերար Տէր եւ Տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեաններուն։ Իր սրտի խօսքին մէջ Պարոն Կիւլպէնկեան կոչ ըրաւ աւելի եւս օգտակար ըլլալու մեր վարժարանին եւ ըրաւ գործնական առաջադրանքներ, թելադրութիւններ ու ցուցմունքներ ընդհանրապէս այլ փոքրամասնութիւններու օրինակին հետեւելով, Մի´շտ ալ բարերար այս ամոլը նիւթապէս օգնութեան հասած է Ս.Ն.Ա.Վ.ի այլ ծրագիրներուն։
Շրջանաւարտներէն շատեր, հայ ընտանիքներ կազմած, այդ օր ներկայ էին՝ օգտակար ըլլալու իրենց մայր վարժարանին։
Ազգայիններէն ոմանք մօտենալով ինծի հարց կու տային, որ եթէ հրեայ համայնքը այս երկրին մէջ կրնայ ունենալ 200է աւելի ամէնօրեայ վարժարան, իսկ աւելին, թուրքերը` 120 վարժարան, ինչո՞ւ մենք հայերս պիտի ունենանք միայն 20 ամէնօրեայ վարժարան։
Ատոր պատասխանը մէկ եւ յստակ է: Այդ հարցը պէտք է տանք կրթական ծրագիրներով ճամբայ ելած այն հաստատութիւններուն, որոնք անցնող երկու տասնամեակներուն գրեթէ դադրած են Ամերիկայի մէջ նոր վարժարաններ բանալու ծրագրէն։
Անոնք պէտք է շարունակեն իրենց կրթական առաքելութիւնը։ Սերունդ մը ետք, ուծացած ամերիկահայութիւնը որքանո՞վ պիտի կարենայ հասնիլ Հայաստանին, Արցախին կամ այլ միջին-արեւելեան նօսրացող հայկական համայնքներու կարիքներուն։
Գուրգուրա՛նք մեր ամէնօրեայ հայկական օճախներուն վրայ։ Ա´յս պիտի ըլլայ հրամայականը Ցեղասպանութեան դարադարձին։ Այո´ պահպանենք մեր մայրենի լեզուն։
Յակոբ Վարդիվառեան