Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՍ. Փե­թերս­պուր­կի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը վեր­ջերս յանդգ­նու­թիւնը ու­նե­ցած է Ռու­սիա­յէն պա­հան­ջե­լու հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին պատ­մա­կան հնութիւններ: 1916 թո­ւա­կա­նի ռու­սա­կան ռազ­մար­շա­ւին ըն­թաց­քին, որ թոյլ տո­ւաւ ժա­մա­ նա­կա­ւո­րա­պէս ա­զա­տագ­րե­լու Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան հա­տո­ւա­ծը, Ս. Փե­թերս­պուր­կի Ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նը Նի­կո­լայ Բ. ցա­րէն խնդրած էր գիտ­նա­կան­նե­րու խումբ ու­ղար­կել Վա­նի շրջան՝ հնա­գի­տա­կան յայտնաբերում­նե­րը հա­ւա­քե­լու եւ զա­նոնք կոր­ծա­նու­մէ փրկե­լու հա­մար: Մշա­կու­թա­յին հնութիւննե­րը 100 տա­րի շա­րու­նակ նկու­ղի մէջ պա­հո­ւած եւ եր­բեք չեն ցու­ցադ­րո­ւած: Ան­ցեալ շա­բաթ ա­նոնք վեր­ջա­պէս ցու­ցադ­րո­ւե­ցան Ս. Փե­թերս­պուր­կի մէջ: Թուր­քիոյ հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը ի­մա­նա­լով, որ Թան­գա­րա­նը Վա­նէն բե­րո­ւած ար­ժէ­քա­ւոր մշա­կու­թա­յին հնութիւն­ներ ու­նի, կապ հաս­տա­տած է աշ­խա­տա­կից­նե­րու հետ՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ այդ ա­ռար­կա­նե­րը կը պատ­կա­նին Թր­քա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան եւ պա­հան­ջած է զա­նոնք վե­րա­դարձ­նել:
­Թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մեր­ժած է թրքա­կան կող­մի պա­հանջ­նե­րը՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ 1916ին զա­նոնք տէ­րե­րէն գնած են: Հե­տաքրք­րա­կան է, ա­նոնց տէ­րե­րը սպան­նե­լէ, տու­նե­րը այ­րե­լէ եւ գոյ­քը իւ­րաց­նե­լէ ետք՝ թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը յանդգ­նու­թիւնը կու­նե­նան պա­հան­ջե­լու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի այդ մա­սունք­նե­րը: