-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
Հալէպի մէջ, գլխաւորութեամբ երեք հայ համայնքապետերուն, հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին եւ կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Մարմինին, 3 Մայիս 2015ին տեղի ունե ցած է Յուշակոթողի բացում եւ «Հողին Կանչը» վերնագիրով՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին ոգեկոչման գլխաւոր հանդիսութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնի պաշտօնական էջը: Յուշակոթողին բացումը տեղի ունեցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Գ. Կիւլպէնկեան կեդրոնի շրջափակէն ներս, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Բարեջան Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հալէպի մէջ Հ. Հ. գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանի եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմնի ատենապետ Հանրի Արսլանեանի, հալէպահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայ Վարժարաններու տնօրէններուն: Յուշակոթողի բացման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Ե.Ընկերակցութեան փողերախումբը: Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան աղօթքով օրհնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած կոթողը՝ «Անմոռուկ» ծաղիկը, որուն տակը փորագրուած էր կարգախօսը՝ «Կը Յիշեմ եւ Կը Պահանջեմ».- «Այս կոթողը կը նկատուի հիմքը ճշմարտութեան, յիշողութեան, պահանջատիրութեան եւ արդարութեան յաջորդող 100 տարիներուն. անոր միջոցաւ մենք փաստեցինք, որ հայը ապրեցաւ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի հաւատալով իր արդար դատին»,- յայտարարած է հայ կաթողիկէ Առաջնորդը: Յուշակոթողին նախագիծը պատրաստած է Հրազդան Թօքմաճեան: