Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԵւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կոչ ուղ­ղած են Ատր­պէյ­ճա­նին՝ մին­չեւ Եւ­րո­պա­կան Ա­մառ­նա­յին Խա­ղե­րու մեկ­նար­կը ա­զատ ար­ձա­կե­լու բո­լոր քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րը, կը հա­ղոր­դէ contact.az՝ ըստ Tert.amի։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Կ­րաֆ Լամպս­տորֆ յայ­տա­րա­րած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­պա­հո­վեն ի­րենց երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք նա­խա­տե­սո­ւած են Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան Հա­մա­ձայ­նա­գի­րով եւ Մ.Ա.Կ.ի Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Հռ­չա­կա­գի­րով:

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը կը պատ­րաս­տո­ւի Յու­նի­սին տե­ղի ու­նե­նա­լիք իր հեր­թա­կան նիս­տին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հետ կա­պո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի մա­սին Բա­նա­ձեւ ըն­դու­նե­լու հա­մար: Մինչ այդ, եւ­րո­խորհըր­դա­րա­նա­կան­նե­րը կը պա­հան­ջեն ա­զատ ար­ձա­կել քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ցան­կին մէջ նե­րառուած լրագ­րող­նե­րը, ի­րա­ւա­պաշտ­պան­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը: