Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Մ. Նա­հանգ­նե­րու Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ռի­վըր­սայ­տի մաս­նա­ճիւ­ղի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի գաղտ­նի քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւն­քով` ո­րո­շո­ւած է հրա­ժա­րիլ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պար­տա­տոմ­սե­րու եւ ար­ժե­թուղ­թե­րու ծրար­նե­րու 72,6 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում կա­տա­րե­ լէն:

«Թր­քա­կան պար­տա­տոմ­սե­րու 72,6 մի­լիոն տո­լար ներդ­նե­լը կը նշա­նա­կէ, որ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նը կ­՛ա­ջակ­ցի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման, որ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը հեր­քէ ար­դէն մէկ դար: Քուէար­կու­թեան նման ել­քը ցոյց կու տայ, որ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նը դէմ է ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն»,- ը­սած է հայ ու­սա­նող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ Պետ­րոս Քէո­սո­յեա­ն:

Աղ­բիւ­րը կը ման­րա­մաս­նէ, որ Ռի­վըր­սայ­տը Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի 5րդ մաս­նա­ճիւղն է, որ թրքա­մէտ ներդ­րում­նե­րը կան­խող բա­նա­ձեւ կ­՛ըն­դու­նի:

Մա­յիսի սկիզ­բը Ըր­վի­նի Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մի­նը միա­ձայն բա­նա­ձեւ ըն­դու­նած է Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւնը ներդ­րում­նե­րէն զրկե­լու մա­սին` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չըն­դու­նե­լուն հա­մար: «Որ­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­ռանգորդ եւ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող` ես վրդո­վո­ւած եւ հիաս­թա­փո­ւած էի, երբ ի­մա­ցայ, որ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւե­լի քան 70 մի­լիոն տո­լար կը ներդ­նէ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ»,- ը­սած էր հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող Քար­լա Քէ­քէ­ճեա­ն` նշե­լով, որ այդ ներդրում­նե­րը կը ֆի­նան­սա­ւո­րեն թրքա­կան մեր­ժո­ղա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լու ջան­քե­րը: «Ու­սա­նող­նե­րու վար­ձե­րը, իմ վարձս կը ներդրո­ւին այն կա­ռա­վա­րու­թեան, որ կը մեր­ժէ պատ­մու­թիւ­նը եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րը: Ես պէտք է ներ­կա­յաց­նէի այս բա­նա­ձե­ւը, որ­պէս­զի գո­նէ ու­սա­նո­ղա­կան մար­մի­նը եւ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նը յան­ցա­կից չըլ­լան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մերժ­ման գոր­ծին»,-ը­սած է ան: Բա­նա­ձե­ւին նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն է Ա.Մ.Ն.ի մէջ գոր­ծող Հայ­կա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ա­րեւմ­տեան թե­ւը: