Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործունէութեան Ա. լիագումարը կատարեց Պէյրութի մէջ, Լիբանան, 5- 7 Նոյեմբեր 2011ին։ Ժողովներուն զուգահեռ կազմը նաեւ տուաւ այցելութիւններ լիբանանահայ տարբեր կառոյցներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2011ին Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութիւնը ստանալու։ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան առաջին հերթին ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, որոնք Լիբանան ժամանած էին Հայաստանէն, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն եւ Սուրիայէն։ Ապա ան նշեց, որ Ա. լիագումարի նախօրեակին Կեդրոնական Վարչութիւնը փափաքեցաւ վեհափառ հօր օրհնութիւնը ստանալ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը՝ թելադրելով շարունակել մարմնակրթական սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնը: Խօսելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս զայն նկատեց մեծ դպրոց՝ լծուած նոր սերունդներու բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած աշխատանքը՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ: Ան յիշեցուց, որ մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները պէտք է ծրագրեն ու գործեն համահայկական հայեցակէտով՝ ժողովուրդին ծառայութիւնը ունենալով իրենց կեանքին ու գործին կիզակէտը:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառին՝ Կեդրոնական Վարչութեան կազմը ընդունելուն համար։ Ան նշեց, որ յառաջիկայ քառամեակին զանազան մարտահրաւէրներ կան Կեդրոնական Վարչութեան դիմաց, մանաւանդ Ռազմավարական Ծրագիրի գործադրութիւնը, որ Պատգամաւորական Ժողովը պարտք դրաւ Կեդրոնական Վարչութեան ուսերուն։ Ան նշեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ կը գիտակցի, որ վեհափառ հայրապետը զօրակից եւ նեցուկ է իր բոլոր աշխատանքներուն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ
Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի դիւանին հետ։ Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան բարի գալուստ մաղթեց արտանստավայրի եղբայրներուն ու շեշտեց, որ իրենք միշտ աջակցող ենք Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր աշխատանքներուն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ» ԵՒ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹ
Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայան ու ծանօթացան անոր աշխատանքներուն։ Ապա այցելեցին «Ազդակ» օրաթերթ, ուր զիրենք ընդունեց տնօրէն Շահան Գանտահարեան։
Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրները յատուկ կերպով նշեցին, որ «Ազդակ» օրաթերթի կայքէջը շատ մեծ օգտակարութիւն եւ ընդարձակ տարածում ունի հայկական կեանքին մէջ։ Շահան Գանտահարեան տեղեկութիւններ տուաւ օրաթերթի աշխատելաոճին եւ վերջին իրագործումներուն մասին։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր զիրենք դիմաւորեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ եղբ. Անդրանիկ Մսըրլեան եւ քաղաքապետութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան։ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն եւ նշեց, որ քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան միշտ նիւթական եւ բարոյական թիկունք կանգնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի թէ՛ Շրջանային Վարչութեան եւ թէ՛ բոլոր մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ պահանջեալ հարկին Կեդրոնական Վարչութեան։ Իր կարգին, եղբ. Անդրանիկ Մսըրլեան բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի մէջ եւ հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին։
Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2011ին, Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրները այցելեցին Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայութեան համար աշխատած ու նուիրական առաքելութիւն տարած գործիչներուն։ Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին Հ.Յ.Դ.ի պանդէոնին, Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ատենապետ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի շիրիմին եւ Լիզպոնի նահատակներու շիրիմին վրայ։