Թիֆլիսի «Քարուասլա» Պատմութեան Թանգարանին մէջ, Մայիս 18-Յունիս 19, տեղի պիտի ունենայ «Սերգէյ Փարաջանով – XXI դարու երազ» ցուցահանդէսը։ Այդ մասին ծանուցուած է ձեռնարկի Facebookի պաշտօնա
կան էջին մէջ: «Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ multimedia installation-collagen, որ կը միաւորէ ցուցասրահին տարածութիւնը` առասպելներու, խոհածութիւններու հաւաքածու-արտացոլում եւ յիշողութիւններ՝ բեմադրիչ ու նկարիչ Սերգէյ Փարաջանովի մասին, որ ծնած է Թիֆլիս եւ մայրաքաղաքի պատմութեան անկապտելի մասն է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ցուցահանդէսին կազմակերպիչները` Քիեւի Երազներու Թանգարանի հիմնադիրներ, հոգեվերլուծաբաններ Վիքթորիա Դանիէլեանի եւ Թաթիանա Ցուելոտուպի գլխաւորութեամբ, որոշած են տալ մեծ վարպետին ստեղծագործութեան իրենց մեկնաբանումը:
«Անցեալ դարու արուեստի կեդրոնները, Թիֆլիսի Պատմութեան Թանգարանի ֆոնտին արխիւը, դիմանկար-լուսանկարները, շարժանկարային հարթակները, շարժանկարներու պաստառները, շարժանկարներու յետահայեաց ցուցադրութիւնները պիտի բացայայտեն Սերգէյ Փարաջանովի կեանքի մասին առասպելներու մթնոլորտը»,- կ՚աւելցնէ հաղորդագրութիւնը: Ցուցահանդէսին, ըստ «Նովստի Կրուզիա»ի, պիտի ներկայացուին աշխատանքները Փարաճանովի այն ընկերներուն, լուսանկարիչներուն եւ գեղանկարիչներուն, որոնք ոգեշնչուած են Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութեամբ: Ծրագիրը պիտի իրագործուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան եւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի մշակութային ձեռնարկներու կեդրոնի օժանդակութեամբ: