Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, Թեհրանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, կոչ ուղղած է ընդարձակելու երկու երկիրներու յարաբերութեանց ծիրը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը։ «Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կայ»,- հաստատած է նախագահը, 12 Մայիսին ունեցած հանդիպման ընթացքին։ Ան նաեւ յայտարարած է, որ Իրան ու Հայաստան միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան օրինակելի մակարդակ ունին: Իրանի նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կ’ընդարձակուին եւ կ’ամրապնդուին առաւել եւս՝ Թեհրանի մօտ Հայաստանի նոր դեսպանի նշանակումով։
Իր կարգին դեսպան Արտաշէս Թումանեան հաստատած է, որ կարելին պիտի ընէ, որպէսզի հայ-իրանական յարաբերութիւնները յաւելեալ թափ ստանան ու ամրապնդուին։ Ան վստահեցուցած է, որ Հայաստան ու Իրան պատրաստ են ընդլայնելու համագործակցութեան ծիրը։