Իր մասնագիտական նուաճումներուն համար, գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան արժանացած է Գանատայի բարձրագոյն պարգեւին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Բացի Էկոյեանէն՝ պարգեւի արժանացած է չորս արուեստագէտ եւս.- երգահան ու նուագավար Ուոլթըր Պոտրօ, դերասանուհի Տիանա Լեպլան, երգիչ ու երգահան Սարա Մքլաչլան եւ դերասան ու բեմադրիչ Առ, Էյչ Թոմփսըն:
Մրցանակակիրները նաեւ պիտի ստանան 25.000ական տոլար:
Պարգեւատրման արարողութիւնը պիտի կայանայ Մայիս 29ին, Օթաուայի մէջ: