Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Հո­վո­ւա­պե­տա­կան իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռըն­թեր, մօ­տէն կը հե­տե­ւի Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­տի­րաց­ման գծով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին մօտ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ֆէյս­պու­քի պաշ­տօ­նա­կան է­ջը:

Այս շրջա­գի­ծէն ներս Ա­րամ Ա­ռա­ջին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է դա­տա­պաշտ­պան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն Դոկտ. Թա­ներ Աք­չա­մի հետ: Թա­ներ Աք­չամ դրա­կան ար­ժե­ւո­րում տո­ւած է ցարդ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, ընդգ­ծե­լով վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րուն յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տած է նոյն թա­փով աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ, ո­րո­շո­ւած է Մա­յիս ամ­սուան ըն­թաց­քին Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Դա­տին մա­սին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պել Պոլ­սոյ մէջ, Յու­նիս 7ին Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ե­րես­փո­խա­նա­կան ընդ­հա­նուր ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ:

Յայտ­նենք, որ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մնա­յուն կա­պի մէջ է դա­տա­պաշտ­պան յանձ­նա­խում­բի միւս ան­դամ­նե­րուն հետ, եւ մօ­տէն կը հե­տե­ւի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ար­ձա­գանգ­նե­րուն ու Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տարուող հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն: