Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մա­յի­սին մեկ­նար­կած 56րդ Վե­նե­տի­կեան մի­ջազ­գա­յին Պիե­նա­լէի թրքա­կան տա­ղա­ւա­րին մէջ, հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ Սար­գիս ներ­կա­յա­ցու­ցած է «Respiro» («շունչ») խո­րագ­րով ցու­ցադ­րու­թիւ­նը: Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքա­կան «Cumhuriyet» պար­բե­րա­կա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ այդ ցու­ցադ­ րու­թեան մա­սին անգ­լե­րէն եւ թրքե­րէն տար­բե­րակ­նե­րով պատ­րաստուած գրքոյ­կը ճգնա­ժա­մի պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած է: Գր­քոյ­կը, որ պէտք է բաժ­նո­ւէր ցու­ցադ­րու­թեան բաց­ման օ­րը` Մա­յիս 7ին, ընդգր­կած է Ռա­քել Տին­քի հե­ղի­նա­կած յօ­դո­ւա­ծը:

Այդ յօ­դո­ւա­ծին մէջ տեղ գտած «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ար­տա­յայ­տու­թեան պատ­ճա­ռով ալ գրքոյ­կը ար­գի­լո­ւած է, քա­նի որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կու­մը քննա­դա­տու­թեան ար­ժա­նա­ցած է ցու­ցադ­րու­թեան հո­վա­նա­ւոր Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ թրքա­կան տա­ղա­ւա­րին ա­ջակ­ցող­նե­րու կող­մէ: Ն­շենք, որ Ռա­քէլ Տինք իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը պատ­մէ ա­մու­սի­նին` 2007ին Թուր­քիոյ մէջ սպան­նո­ւած հայ լրագ­րող Հ­րանտ Տին­քի մա­սին: «­Սա այն­քա՜ն մեծ վիշտ է: 1915 թո­ւա­կա­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վիշ­տը, բո­լոր ան­գե­րեզ­ման եւ ան­յի­շա­տակ կո­րուստ­նե­րու վիշ­տը միա­ւո­րո­ւե­ցան եւ վիշտն ալ ա­ւե­լի ան­սահ­ման դար­ձաւ»: Սար­գիս ու ցու­ցադ­րու­թեան հա­մա­կար­գող Տեֆ­նէ Ա­յաս գտած են այ­լընտ­րան­քա­յին տար­բե­րակ. ա­նոնք չբաժ­նո­ւած գրքոյկ­նե­րը ցու­ցադ­րու­թեան հա­նած են Վե­նե­տի­կի մէջ` ուղ­ղա­հա­յեաց կանգ­նե­ցո­ւած «դա­գաղ»ի մէջ` այդ­պի­սով ար­տա­յայ­տե­լով ի­րենց բո­ղո­քը գրաքն­նու­թեան դէմ։