Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան սկզբունք­նե­րով բա­նա­ձե­ւը միա­ձայն ըն­դու­նո­ւած է Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ըն­կեր­վա­րա­կան (սո­ցիա­լիստ) ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան (IUSY) հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­ հուր­դի ժո­ղո­վին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ամ­փո­փե­լով ժո­ղո­վին ար­դիւնք­նե­րը` այս մա­սին ը­սած է ՀՅԴ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Մխ­չեան:

«Այս բա­նա­ձե­ւը ի­րա­ւա­կան ուժ չու­նի, սա­կայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­ւա­տա­րիմ վե­րա­բեր­մունք ու­նե­նա­լու Հայ­կա­կան հար­ցին եւ Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ: Հե­տա­գա­յին ի­րենց եր­կիր­նե­րուն մէջ ա­պա­գայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ դառ­նա­լով ` ա­նոնք կրնան ու­նե­նալ յստակ ձե­ւա­ւո­րո­ւած հա­յաս­տա­նա­մէտ կար­ծիք եւ կրնան օ­ժան­դա­կել մեզ»,- ը­սած է Ար­մէն Մխ­չեան: Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ան­դամ Հու­րի  Պաղ­տա­սա­րեան, իր հեր­թին նշած է, որ հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ըն­դու­նո­ւած էին տար­բեր բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնք յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րէին ըն­կեր­վա­րու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րին, ինչ­պէս նաեւ միջ­պե­տա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, ո­րոնց շար­քին էին պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լա­կան հիմ­նա­հար­ցը, գաղ­թա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Ն­շենք, որ Ըն­կեր­վար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է 1907թ. Պեռ­լի­նի մէջ եւ կը հա­մախմ­բէ ու կը միա­ւո­րէ աշ­խար­հի տար­բեր ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան թե­ւեր ու ըն­կեր­վա­րա­կան ու ըն­կեր­վար-դե­մոկ­րա­տա­կան ուղ­ղո­ւա­ծու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: Ա­նի­կա կը միա­ւո­րէ ա­ւե­լի քան 100  երկ­րի 140 կազ­մա­կեր­պու­թիւն: