Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ե­թէ նոյ­նիսկ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի բա­ռամ­թեր­քին մաս չէր կազ­մեր 1915ին, ա­պա այն, ինչ պա­տա­հե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, օս­մա­նեան թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր իր նպա­տա­կով եւ իր մե­թոտ­նե­րով. այլ խօս­քով ո­ճիր՝ ընդ­դէմ մարդ­ կու­թեան»,-հաս­տա­տեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Մա­յիս 7ի ե­րե­կո­յեան, Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին Մայր Տա­ճա­րին մէջ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ եր­կու հա­զա­րէ ա­ւե­լի ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան: Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը՝ Ա­րամ Ա. յայտ­նեց, թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը ե­րեք բա­ռե­րով կա­րե­լի է բնո­րո­շել՝ յի­շել, յի­շեցը­նել եւ պա­հան­ջել, ա­պա՝ ը­սաւ. «­Մենք յի­շե­ցինք մեր մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րը ու մի՛շտ պի­տի յի­շենք, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք մեր ա­մէ­նօրեայ պայ­քա­րին ու ձգտում­նե­րուն մաս կը կազ­մեն: Նա­հա­տակ­նե­րը յի­շել՝ կը նշա­նա­կէ աշ­խար­հին յի­շեց­նել ա­նոնց կտա­կը: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ: Լ­ռու­թիւ­նը այ­լա­պէ՛ս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է: Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին հա­մա­ձայն՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ո­ճիր է մարդ­կու­թեան դէմ, հե­տե­ւա­բար՝ մարդ­կու­թիւ­նը չի կրնար ան­տար­բեր մնալ այս ո­ճի­րին նկատ­մամբ»:

Իր խօս­քի վեր­ջին կէ­տին մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս շեշ­տը դրաւ հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վրայ՝ ը­սե­լով.-«Ա­նար­դա­րու­թիւն գոր­ծո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ: Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ի­րա­ւունք­նե­րը կը պա­հան­ջէ: Ար­դա­րու­թիւ­նը աս­տո­ւա­ծա­տուր ի­րա­ւունք է. մար­դիկ չեն կրնար ու­րիշ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը խլել: Մէկ ու կէս մի­լիոն հա­յու ա­րիւ­նը թա­փած է, մեր ժո­ղո­վուր­դին կա­լո­ւած­նե­րը բռնագ­րա­ւուած են: Ո՛չ միայն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում կը պա­հան­ջենք, այ­լեւ՝ հա­տու­ցում: Նե­րու­մը քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին մաս կը կազ­մէ. սա­կայն նե­րում կը շնոր­հուի, երբ Թուր­քիան կ­՛ըն­դու­նի ճշմար­տու­թիւ­նը եւ այս ձե­ւով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հաշ­տու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բան կը բա­նայ»։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը յա­ճա­խա­կի ա­ռիթ­նե­րով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ, իսկ ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը յոտն­կայս ծա­փող­ջոյն­նե­րով գնա­հա­տեց իր սրտի թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցող Հայ­րա­պե­տին խօս­քե­րը: