Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ծե­րա­կոյ­տին ­Մա­յիս 7ի նիս­տը սկսած է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին ա­ղօթ­քով, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն ­Վե­հա­փա­ռը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհե­րուն նկատ­մամբ ար­դա­րու­թեան կոչ ուղ­ ղած է՝ նշե­լով. «Ար­դա­րու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ նո­ւէրն է ու ա­նոր խախ­տու­մը Աս­տու­ծոյ դէմ մեղք մըն է»։

Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ծե­րա­կոյ­տին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ ­Ռոտ Այ­լըն­տէն ընտ­րո­ւած ծե­րա­կու­տա­կան ­Ճեք ­Ռի­տի եւ ­Դե­մոկ­րատ փոք­րա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վար ­Հե­րի ­Ռի­տի հետ։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին ­Տա­ճա­րին մէջ պի­տի մա­տու­ցո­ւի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած միջ-կրօ­նա­կան ա­ղօթք, ո­րուն ներ­կայ պի­տի գտնո­ւին նաեւ Ա­րամ Ա. եւ ­Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեանն ու ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու փոխ­նա­խա­գահ ­Ճօ ­Պայ­տը­նը: Ա­ղօթ­քին ներ­կայ պի­տի ըլ­լան նաեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ օ­րէնս­դիր­ներ: